Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը
Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 16 յունիս 2013-ին, ժամը 10:30-ին, քոլեճի սրահին մէջ: Հանդէսին նիւթն էր «Հեքիաթներու աշխարհ»:
Մանկապարտէզի աշակերտները այս հեքիաթային աշխարհը ներկայացուցին թատրոնով մը, որուն իւրաքանչիւր արարէն ետք մթնոլորտը ճոխացուցին պարով մը:
Բեմը վերածուած էր անտառի, ուր Ձիւնաթոյրը կը փնտռէր կորսուած թզուկները: Փնտռտուքի ընթացքին ան հանդիպեցաւ հեքիաթային տիպարներու, ինչպէս` Սասունցի Դաւիթ, Մոխրիկ, Մոկլի, Արան ու Անին եւ Փինոքիոն:
Այդ տիպարներու ծանօթացման ընթացքին փոխանցուեցան անոնց կեցուածքները, ինչպէս` Սասունցի Դաւիթի հայրենասիրութիւնն ու քաջութիւնը, Մոխրիկին մարդկային հաւասարութեան արժեւորումը, Մոկլիին գուրգուրանքն ու սէրը վայրի անասուններուն հանդէպ, Արային ու Անիին` օտար մարդոց խօսքին չհետեւիլը եւ Փինոքիոյին` երբեք չստելը:
Այս հանդէսին նպատակն էր կերտել ազնիւ ու բարոյասէր մարդը եւ հայրենասէր ու ազգասէր հայը:
Հանդէսը փակուեցաւ սահիկներու ցուցադրութեամբ, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց մանուկներու առօրեան` դասարանային աշխատանքները, պտոյտներն ու ձեռնարկները:
Ապա վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, ըլլան անոնք թեմի առաջնորդ հայրը, Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի մնայուն բարերար տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Միրէյ Խանամիրեանները, խնամակալ, ծնողաց յանձնախումբ, շրջանաւարտից միութիւն, պաշտօնէութիւն, անհատ բարերարներ, բարեկամներ, միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք «ամբողջացուցին զիրար: Դուք եւ մենք, ձեր տուներն ու այս դպրոցը միաձուլուելով դարձանք մէկ տուն, մէկ ընտանիք, միասնաբար աշխատելով այս փոքրիկ աշակերտներուն ապագային համար»: Յետոյ դառնալով շրջանաւարտներուն` ըսաւ, որ յառաջիկային դիմագրաւելիք կեանքի դժուարութիւններուն տոկան բարի ու ազնիւ մտածումներով, հոգածու տրամադրութեամբ եւ միշտ վեհ սկզբունքներով:
Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ` «Հայ դպրոցը հայ աշակերտին տունն է. հայ աշակերտով է, որ կանգուն կը մնայ հայ դպրոցը, եւ միայն հայ դպրոցին մէջ է, որ հայ աշակերտը կրնայ մնալ հայ»: Ան կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ իրենք սատարեն հայ վարժարանին. «Հայ ժողովուրդի զաւակներուն պարտաւորութիւնն է տէր կանգնիլ հայ դպրոցին», ըսաւ ան: Յետոյ իր ձեռամբ բաժնեց վկայականները մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն` Քրիսթինա Թեփիրճեան, Կարօ Թիւթիւնճեան, Յակոբ Հարմանտիկեան, Խաչիկ Մարտիրոսեան, Սինթիա Ներկարարեան, Յակոբ Չափատարեան, Ալին Պետրոսեան, Կապրիէլլա Սապպաղ եւ Ուիլսըն Քէօշկէրեան: Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան «Պահպանիչ»-ով փակեց հանդիսութիւնը:

