Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Անուան 6-րդ Յուշամրցաշարք. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Ապահովեց Առաւելագոյն 4 Կէտը
Ջերմուկի մէջ (Հայաստան), տեղի ունեցող Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 6-րդ յուշամրցաշարքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 55 ճատրակ խաղացողներ, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք ապահոված է առաւելագոյն 4 կէտը, կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Անոր ետին 2-րդ դիրքին վրայ 3,5 կէտով կը գտնուի Վահէ Պաղտասարեան, մինչ շատ են անոնք, որոնք ապահոված են 3-ական կէտ:
CATEGORIES Մարզական

