Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականի Նախկին Մարզիչը Գլխաւորեց Իրանեան Խումբ Մը

Իր լուրը քաղելով Իրանի Սպահան քաղաքի Կիտի Պասանտ ակումբին պաշտօնական կայքէջէն, ArmSport.am լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին գլխաւոր մարզիչ Սամուէլ Դարբինեան նշանակուեցաւ խումբի մարզիչ` մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով անոր հետ:

Ան վերջին տարիներուն Իրանի մէջ աշխատած է Զոպ Ահան, Պէյքան եւ Սայփա Սոմալ ակումբներուն հետ:

Նշենք, որ Դարբինեան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչը եղած է 1995-1996-ին:

Share this Article
CATEGORIES