Մարքոս Փիցելլի Իր Նորամուտը Նշեց Քրասնոտարի Կազմին Հետ

ArmFootball.com կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ մէջ իրենց ուսումնամարզական հաւաքը կատարող Քրասնոտար եւ Շախտիոր Տոնեցք իրարու դէմ յանդիման եկան ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին:

Աւելի զօրաւոր գտնուելով` ուքրանական խումբին մարզիկները յաղթեցին 2-1 արդիւնքով:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի խաղադաշտ դուրս եկաւ Քրասնոտարի մարզաշապիկով եւ մասնակցեցաւ ամբողջ հանդիպումին:

Շախտիորի կազմէն բացակայեցան այն ֆութպոլիստները, որոնք շաբաթ մը առաջ իրենց երկրին ազգային հաւաքականներուն հետ մրցում կատարեցին: Անոնց շարքին եղան Հենրիխ Մխիթարեան, Տարիօ Սրնա եւ Անտրէյ Փիաթով:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES