Անգլիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց 2013-2014 Տարեշրջանին Յայտագիրը

Իր հրապարակած պաշտօնական լուրով Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ 17 օգոստոսին կը սկսի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը, երբ տեղի կ՛ունենան Ա. հանգրուանի մրցումները:

Ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտ իր առաջին մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Սուանզիի, իսկ երկրորդին պիտի հիւրընկալէ Չելսին:

Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

Արսենալ – Ասթոն Վիլա
Չելսի – Հալ Սիթի
Քրիսթալ Փալաս – Թոթենհամ
Լիվըրփուլ – Սթոք Սիթի
Մանչեսթըր Սիթի – Նիւքասըլ
Նորուիչ – Էվըրթըն
Սանտըրլենտ – Ֆուլհեմ
Սուանզի – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Ուեսթ Պրոմուիչ – Սաութհեմփթըն
Ուեսթ Համ – Քարտիֆ

 

Share this Article
CATEGORIES