Քարոլի Ուեսթ Համ Փոխանցումով Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատուեցաւ Ակումբին Համար
Անգլիացի միջազգային յառաջահ Էնտի Քարոլ ամբողջացուց Լիվըրփուլէն Ուեսթ Համ իր փոխանցումը` 6 տարուան համաձայնագիրի մը կնքումէն ետք:
Թէեւ անոր փոխանցման մասին պաշտօնապէս ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն կը կարծուի, որ այդ փոխանցումը տեղի ունեցաւ փոխան 24 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Ան այսպիսով ակումբին պատմութեան մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատեց, յայտնեց Ուեսթ Համի կայքէջը` նկատի ունենալով, որ նախապէս այսքան մեծ գումար չէր տրամադրուած մարզիկի մը փոխանցման համար:
Նշենք, որ 24 տարեկան Քարոլ օգոստոս 2012-ին Լիվըրփուլէն փոխ տրուած էր Ուեսթ Համի:
CATEGORIES Մարզական

