Ճեպընթաց Թաղում…
Պ. ՍՆԱՊԵԱՆ
Երկուշաբթի, 17 յունիս 2013-ի առտուն, «Ազդակ» օրաթերթի պաշտօնեաներէն ոմանք տարտամօրէն իմացած էին, որ առջի օր` շաբաթ, 15 յունիսին, իր մահկանացուն կնքած է բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեան…:
Նոյն օրը, իրիկուան դէմ իմացանք, որ արդէն իսկ թաղումը կատարուած է, եւ թաղման արարողութեան հազիւ 20-ի հասնող յուղարկաւորներ ներկայ եղած են, որոնցմէ մէկը սակաւաթիւ մասնակիցներու պարագան յանձնած է նաեւ կայքէջի մը, լռելեայն մեղադրանքի տակ առնելով արժանաւոր բանաստեղծի մը մահուան առթիւ մեծ բացականերուն դատապարտելի անտարբերութիւնը կամ ընթերցող մեծամասնութեան ապերախտութիւնը:
Այսքանը, երկուշաբթի, 17 յունիսի կէսօրին:
Իրիկուան դէմ իմացանք, որ թաղման օրը «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռէն երկու անգամ հաղորդուած է բանաստեղծին մահուան բօթը: Միայն այսքան:
Յաջորդ օրը, երեքշաբթի, 18 յունիսին, «Ազդակ» օրաթերթի երրորդ էջին առաջին սիւնակին մէջ ընթերցողը կարդաց բանաստեղծին մահազդը, այն ծանուցումով, որ «Լիբանանահայ գրողներու համախմբում»-ը խոր կսկիծով կը գուժէ իր երէց անդամներէն բազմավաստակ բանաստեղծ, թարգմանիչ եւ կրթական մշակ Աբրահամ Ալիքեանի մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 15 յունիս 2013-ի կէսօրին:
Այս ծանուցումէն ու ստորագրութենէն կը հետեւի, որ բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեան անտէր ու բոլորովին լքուած բանաստեղծ մը չէր, անդամ էր համախմբումի մը եւ համախմբումը տէր էր անոր ողջուցը թէ մահուան հանգամանքներուն, բայց կատարուած արագ թաղումը եւ թաղումէն օր մը ետք միայն մամուլին տրուած մահազդը միասին կը վկայեն, որ «տէրեր»-ը իրեն հետ վարուած են աննշան ու անտէր մեռելի մը պէս, պարտականութիւն մը օր առաջ կատարելու անյարգալիր աճապարանքով:
Մենք երբեք չկրցանք ըմբռնել թաղմանական այս փութկոտութիւնը:
Տխուր առիթով մը իմացած ենք, որ Պէյրութի Ծերանոցը մեռելներուն ժամանակաւոր պահպանման համար յատուկ մասնաբաժին մը ունի եւ հաստատութեան պատասխանատուները երկու-երեք օրուան համար անկասկած տեղ պիտի յատկացնէին Ալիքեան բանաստեղծին անշունչ մարմինին, որպէսզի իրենք զիրենք անոր տէր դաւանողները թաղմանական արժանաւոր միջոցառումի դիմելու առիթ ունենան:
Հնարաւոր էր:
Եւ պատշաճը այդ էր:
Թաղումը կատարելու այս աճապարանքը չի կրնար որեւէ արդարացումի արժանանալ, եթէ նոյնիսկ հանգուցեալը սակաւաթիւ յուղարկաւորներով հողին դառնալու գիր մը ձգած ըլլար իր ետին:
Թաղման ներկայ եղածները 20-ի կը հասցնեն յուղարկաւորներուն թիւը, որուն կէսէն աւելին, առնուազն 10-ը մտածեցին անպայման տաղանդաւոր բանաստեղծին բերքին հանդէպ բացակայ մեծամասնութեան ապերախտ վերաբերումին մասին, երբ անոնք, այդ բացակաները, անըմբռնելի աճապարանքի մը զոհերն են եւ որեւէ մեղք չունին այս «ապերախտութեան» մէջ:
Աբրահամ Ալիքեան հաղորդական անձնաւորութիւն մը չէր, բնաւ չէր նմաներ իր բանաստեղծութեանց հրապոյրներուն, չէր նմաներ նաեւ իր կատարած չքնաղ թարգմանութեանց երանգներուն, կամ միջնադարու բանաստեղծական գոհարները, մասնաւորաբար Սայաթ-Նովայի տաղերը արեւմտահայերէնի վերածած ըլլալու իր անփոխարինելի ձեռնարկին շահաւէտութեան: Ան, Ալիքեան, տարակարծութիւններ ու խնդիրներ ունէր մեր կրօնական ու աշխարհական մարմիններուն ու իշխանութիւններուն հետ, բայց չենք կարծեր, որ անոնք, այդ մարմիններն ու իշխանութիւնները քինախնդրութիւն պահած էին իրեն հանդէպ եւ մտաւորական ու ստեղծագործական անոր արժանիքները երբեւիցէ չեն հերքած անոնք եւ շատեր պիտի ուզէին այդ արժանիքներուն համար վերջին յարգանք մը ընծայել իրեն- եթէ նման պատեհութիւն մը ստեղծուած ըլլար:
Իշխանաւորներու, պաշտօնական մարմիններու, գրողներու, գրասէրներու կարգին, պիտի ուզէինք, որ Աբրահամ Ալիքեանի Հայագիտականի ուսանողներէն ու դպրեվանքի աշակերտներէն առնուազն քանի մը հատը ըլլային յուղարկաւորներու շարքին, բայց ըսինք արդէն մեղաւորը իրենք չեն:
Հայ ժողովուրդը տխուր հռչակը ունէր թաղմանական շքեղ հանդիսութիւններ կազմակերպելու:
Աբրահամ Ալիքեան նոյնիսկ այդ բախտին չարժանացաւ:
Մեղաւորներու հասցէն երկրորդ անգամ տալու պէտք չկայ…

