ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՍ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ
Ուրբաթ, 20 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ միջազգային լրատուական կեդրոնին հրաւէրով, «Թելէ Լիւմիէր» հեռատեսիլի կայանի Անթիլիասի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան երգչախումբերու աշխատանքային հանդիպում: Սոյն հանդիպման նպատակն էր.
1.- Լիբանանեան երգչախումբերուն միջեւ ստեղծել սերտ գործակցութիւն:
2.- Երգչախումբերը հրաւիրել մասնակցելու` 2011-ի նոյեմբեր 24-էն դեկտեմբեր 4 կայանալիք «Լրատուամիջոցը եւ երիտասարդութեան անյետաձգելի հարցերը» խորագիրով մշակութային ձեռնարկներուն:
3.- Քաջալերել երիտասարդները` հրաւիրելով զանոնք լայն մասնակցութիւն բերելու երգչախմբային կեանքին:
Այս հանդիպման կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին անունով մասնակցեցան Շողիկ Եփրեմեան` վարչութեան անդամ եւ Մարիա Եսայեան` երգչախումբի անդամ: Անոնք նաեւ հրաւիրեցին հանդիպման մասնակիցները` ներկայ գտնուելու «Շնորհալի» երգչախումբի համերգին, յառաջիկայ 10 յունիս 2011-ին, որ կը վայելէ հովանաւորութիւնը Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպուած է Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան կողմէ:
Յայտնենք, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 22 յունիս 2011-ին:
