«ՔԱՐԱՕՔԷ ՆԱՅԹ»
Շաբաթ, 14 մայիս 2011-ին, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սանուց միութեան կազմակերպած «Քարաօքէ նայթ» ձեռնարկը:
Կարմիրեան վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը իր ներկայութեամբ կը պատուէր սոյն ձեռնարկը, ուր ներկայ էին հարիւրէ աւելի հիւրեր, խումբ մը ուսուցչուհիներ, կարմիրեանցիներ ու վարժարանիս մօտիկ բարեկամներ:
Սանուցի վարչականները ներկաներուն երգացանկեր բաժնեցին, որպէսզի փափաքողները իրենց նախասիրած երգերուն անունները արձանագրեն:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սանուցի փոխատենապետ Ռենա Կիւլվանէսեան, որ դրուատեց Սանուց միութեան զանազան գործունէութիւնները, որոնք կը միտին օգտակար հանդիսանալ Կարմիրեան վարժարանի անմիջական կարիքներուն: Ան բարի վայելում մաղթելով` բարձրախօսը յանձնեց Մայտա Քէլէշեանին, որ վարէ երեկոն:
Մ. Քէլէշեան ողջունեց հրաւիրեալները ու հետեւելով պատրաստուած ցանկին` յայտարարեց առաջին մասնակիցին անունը եւ ընտրած երգը: Հաճելի մթնոլորտի մէջ երգեցողութիւնը սկսաւ եւ բարձրախօսը անցաւ ձեռքէ-ձեռք: Մեծ պաստառի վրայ ներկաները յստակօրէն կը կարդային երգերուն բառերը, որոնց կ՛ընկերակցէին տեսարժան վայրերու պատկերներ:
Հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն երգերը յաջորդաբար հնչեցին ու մեծ ժողովրդականութիւն գտան. շատեր իրենց մասնակցութիւնը բերին երգեցողութեան: Զուարթ կատակներն ու խօսակցութիւնները մերթ ընդ մերթ կ՛ընդմիջէին երգերը եւ խանդավառութիւնը հետզհետէ կ՛աւելնար:
Սանուցի ատենապետ տոքթ. Աւետիս Եագուպեան ընտրեց օրուան երկու բախտաւոր թիւերը, որոնց տէրերը ստացան նիւթական նուէրներ: Միւս կողմէ, խանդավառուած ուրախ մթնոլորտէն ու քաջալերելով Սանուցի ձեռնարկները եղան նուիրատուութիւններ:
Մայտա Քէլէշեան ճարտարօրէն վարեց երեկոն մինչեւ ուշ գիշեր, երբ երգին յաջորդեց հայկական շուրջպարը, որ ոտքի հանեց նստողները:
Վարձքը կատար Սանուցի վարչական անդամներուն, որոնք ջանք չխնայեցին յաջողցնելու այս ձեռնարկը:
Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն:
Կարմիրեան վարժարանի Սանուց միութեան կը մաղթենք յարտեւ վերելք ու նորանոր յաջողութիւններ:
ՍՈՆԻԱ ՏԵՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

