ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ՄԵԹՈՏԻ ԵՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Լիբանանի հայ կաթողիկէ 4 վարժարաններու նախակրթարանի 22 ուսուցչուհիներ 21-22 մայիսի շաբաթավերջին մասնակցեցան նախակրթարանի մէջ հայերէնի դասաւանդման հարցերուն նուիրուած մանկավարժական կազմաւորումի սեմինարի մը` ղեկավարութեամբ Խ. Աբովեանի անուան Երեւանի մանկավարժական պետական համալսարանի դասախօս դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանի:

Սեմինարը հրաւիրուած էր «Սուրբ Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ` գործակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս, Սրբոց Հռիփսիմեանց, Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններուն:

Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան»  սրահին մէջ կայացած սեմինարի առաջին օրը փրոֆ. Ճ. Կիւլամիրեան նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչներուն ներկայացուց նախակրթարանի տարրական` Ա. Բ. եւ Գ. դասարաններուն մէջ կարդալու կարողութիւններու զարգացման մեթոտական հնարները:

Կարճ դադարէ մը ետք ան ներկայացուց բանաւոր խօսքի զարգացման մեթոտաբանութիւնը եւ բացատրական ընթերցանութեան մեթոտի կիրարկումը` նախակրթարանին մէջ:

Այստեղ իրենց մասնակցութիւնը բերին սեմինարին ներկայ ուսուցչուհիները` ներկայացնելով նախապէս պատրաստած իրենց նիւթերը` համապատասխան դասարաններու մէջ խօսքի զարգացման եւ բացատրական ընթերցանութեան վերաբերեալ:

Սեմինարին երկրորդ օրը փրոֆ. Կիւլամիրեան աշխատանքը յառաջ տարաւ հիմնական երկու նիւթերու ուղղութեամբ. առաջին` կրտսեր դպրոցական տարիքի մանուկներու մանկավարժա-հոգեբանական օգնութեան հնարները, երկրորդ` ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւններու խնդիրները:

Ինչպէս առաջին` նոյնպէս երկրորդ օրուան աշխատանքը յատկանշուեցաւ դասախօսին կողմէ արդիւնաւէտօրէն կիրարկուած  փոխգործուն մեթոտներով` ուսուցիչներուն մասնակցութեամբ ընթացած փորձարկումներու զուգորդութեամբ, ինչպէս նաեւ մասնագիտական ու բազմակողմանի քննարկումներով:

Աշխատանքներու արդիւնաւէտութեան նպաստեց այն հանգամանքը, որ փրոֆ. Կիւլամիրեան սեմինարի նախորդող օրերուն` մայիսի 3-13 այս ծրագրին մասնակից չորս դպրոցներու նախակրթարաններուն մէջ կատարած էր դասալսումներ, առանձին հանդիպումներ ունենալով դպրոցներու տնօրէններուն եւ նախակրթարաններու պատասխանատուներուն հետ: Ան ուսուցչուհիներուն հետ ունեցած էր դասալսումներէն բխած նախնական գնահատականներու վերաբերեալ աշխատանքային նիստեր` դպրոցական օրուան աւարտին: Ան հանդիպումներ ունեցած էր նաեւ կարգ մը դպրոցներու մէջ մանկավարժական կազմաւորման այլ աշխատանքներ կատարող մասնագէտներուն հետ:

Այսպիսով,  «Նարեկացի» կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ իրականացուող մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակով նախատեսուած սեմինարներու շարքը հասաւ իր աւարտին:

Միամսեակի ծիրին մէջ դոկտ. Ճ. Կիւլամիրեան ներկայացուց մանուկներու հոգեբանութեան եւ դաստիարակութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններ` ծնողներու համար: Ան 24 մայիսին Հայաստան-սփիւռք կրթական յարաբերութիւններուն շուրջ զեկուցում ներկայացուց «Փիւնիկ» սրահին  մէջ, 26 մայիսին հանդէս եկաւ դասախօսութեամբ մը` Հայկազեան համալսարանին մէջ, իսկ 27 մայիսին ներկայ պիտի ըլլայ սեմինարներու մասնակից բոլոր ուսուցիչներու եւ պատասխանատուներու եզրափակիչ հաւաքին:

«ՍՈՒՐԲ ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԿԵԴՐՈՆ
ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ
ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Պէյրութ, 23 մայիս, 2011

Share this Article
CATEGORIES