ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՃՈԽ ԵՐԵԿՈՅ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտութիւնը կիրակի, 22 մայիս 2011-ին  «Հետուիկ» սրահին մէջ ծնողներուն եւ հանրութեան հրամցուց մշակութային վայելքի պահ մը: Արդարեւ, վարժարանի «Նայիրի» երգչախումբը եւ «Նարին» պարախումբը հանդէս եկան ճոխ յայտագիրով մը:

Ձեռնարկին ներկայ էին գիւղի հոգեւոր հովիւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Պարգեւ Թասլագեան` «Ֆայհա» երգչախումբի նշանաւոր խմբավարը, Վարուժան Մազմանեան (Մ. Ն.) եւ այլն:

«Նայիրի» երգչախումբը բաղկացած է նախակրթարանի, իսկ «Նարին» պարախումբը` միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներէն: Երկու խումբերուն ղեկավարներն են մայր ու աղջիկ` Նեկտար եւ Մարիա Փալազեանները: Նեկտար երգի դասատու է Պէյրութի զանազան դպրոցներուն մէջ, իսկ Մարիան ուսանող է Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Ձեռնարկին հակիրճ բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն` վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան: Ան անդրադարձաւ հայ մշակոյթի կարեւորութեան` հայկական արմատներուն կառչելու եւ մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու իմաստով: Տնօրէնը դիտել տուաւ, որ մշակոյթով կ՛ապրին ժողովուրդներ եւ այդ իմաստով ալ կարեւոր է տէր կանգնիլ հայկական արժէքներուն եւ մշակութային տարբեր բնագաւառներուն:

Ապա «Նայիրի» երգչախումբը հրամցուց տասը երգերէ բաղկացած յայտագիրը: Բ. Կանաչեանէն հրամցուց «Հայրենի կարօտ», «Խաղաղ գիշեր», «Օրօր» (մեներգ` Կարինէ Ճիրիշեան) եւ երգանուագ, Գ. Չիթճեանէն` «Գարնան երգ», Զեքի Նասիֆէն երգ մը, Ռ. Պետրոսեանէն` «Բինգիոլ» եւ «Ինքնահաւան», Մ. Մազմանեանի մշակումով` «Երազ», ապա Մ. Մաւիսագալեանի «Ջան Հայաստան» երգով աւարտեց իր մատուցումը:

Խումբը կրցաւ իմ մեկնաբանութիւններով խանդավառ մթնոլորտ ստեղծել, հայ երգը թնդացնել սրահին մէջ եւ երաժշտութեան նկատմամբ իր սէրը դրսեւորել ու փոխանցել նաեւ ծնողներուն եւ ներկաներուն:

«Նարին» պարախումբը հրամցուց յայտագիրի երկրորդ բաժինը, որ բաղկացած էր հետեւեալ պարերէն` «Նարին», «Սիրոյ հրաշք», «Scorschio», «Կարս», «Նազունի», «Տխուր վալս», «Սեւան», «Հով առէք», «Տապքէ», «Հայի աչքեր», «Ֆանթազիա-ձմեռային սէր», «Մենք ենք մեր սարերը», «Ճանապարհ», «Նազանի», «Գնա-գնա», «Արտաշատ» եւ «Զուռնի Թրենկի»:

Մենապարերով բեմ բարձրացան Անիթա Գապաքեան, Սարին Ֆըստքճեան, Լոռի Ստամպուլեան, Նայիրի Մսըրլեան եւ Սարին Քէօֆթէեան: Այս վերջինը եղաւ օրուան յայտնութիւնը եւ անակնկալը: Քանիցս մենապարերու կատարումով, բեմ բարձրացաւ եւ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին:

Վեր. Մսըրլեան կատարեց փակումը եւ գնահատեց թէ՛ ղեկավարները եւ թէ կատարողները: Ներկաները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին աշակերտներուն հրամցուցած այս ելոյթին գծով: Շնորհաւորեցին պարուսոյցն ու խմբավարը եւ` գոհունակ սրտով մեկնեցան սրահէն:

ՆԵՐԿԱՅ

Share this Article
CATEGORIES