ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ 89-ՐԴ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ` 27 ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանը կատարեց աւարտական դասարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, կիրակի, 8 մայիս 2011-ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ: Ներկայ եղան եկեղեցական հայրեր, քոյրեր, Լիբանանի կառավարութեան մէջ նախարար Ժան Օղասապեան, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, վարժարանի բարերարներ, հրաւիրեալներ եւ ծնողք:
Հանդիսութիւնը բացուեցաւ դրօշակիրներու մուտքով, Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը հայերէնով ներկայացուց Աբօ Ճուլֆայեան, արաբերէնով` Արազ Քելեշեան: Չորս լեզուներով ուղերձներ կարդացին Գարին Գալինճեան` հայերէն, Ժանին Հալէպլեան` արաբերէն, Նաթալի Պէրպէրեան` ֆրանսերէն եւ Քաթրին Լեհիմճեան` անգլերէն:
Աւարտականները կատարեցին խմբերգներ` «Քիչ ենք, բայց հայ ենք», արաբերէն եւ անգլերէն խմբերգներ:
Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւարտական կարգէն Ռիթա Աստիկեան` ջութակով եւ Ժան Փիեռ Աստիկեան դաշնակի վրայ: Լուչիա Ժամկոչեան` ջութակով նուագ, ընկերակցութեամբ Ժան Փիեռ Աստիկեանի:
Հայկական պար մը կատարեցին շնորհալի պարուհիներ` ներկայացնելով «Միասնութեան շուրջպար»ը:
Վարժարանի աւանդութիւնը եղած, աւարտական կարգէն 11-րդ դասարանի աշակերտուհիին փոխանցուեցաւ Վահանը:
«Վերջին զանգը» աւարտականներու խմբերգէն ետք օրուան պատգամը փոխանցեց քոյր Արմինէ Մարկարոսեան, որ նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարժարանին բարոյապէս եւ նիւթապէս սատար հանդիսացած անձերու եւ բարերարներու, ինչպէս նաեւ` ուսուցչական կազմին, որոնց նուիրեալ աշխատանքը գնահատեց տնօրէնուհի Ա. Մարկարոսեան:
Քոյր Արմինէ իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, անոնց մաղթեց բարի երթ` իրենց որդեգրելիք նոր կեանքին եւ նոր ուսման ու աշխատանքներուն յաջողութեան, եւ այդ ճանապարհին ըլլալու արժանավայել ներկայացուցիչը Հռիփսիմեանցականի, բարձր պահելով հայրենասիրական եւ հայկական ու մարդկային արժէքները:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վարժարանի քայլերգին երգեցողութեամբ, ապա` հայր Անդրանիկ Ծ. վարդապետին «Պահպանիչ» աղօթքով:
Յաւարտ հանդիսութեան` ներկաները շնորհաւորեցին շրջանաւարտները հիւրասիրութեամբ:
Յետ վկայականաց բաշխման, վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մարկարոսեան գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնեց աւարտական դասարանի փայլուն յաջողութիւն արձանագրած աշակերտներուն:
Արազ Քելեշեան արժանացաւ բացառիկ գնահատանքի` իբրեւ գերազանց աշակերտուհի դասերու եւ վարք ու բարքի, վերաբերմունքի տիպար աշակերտուհի: Աբօ Ճուլֆայեան` իբրեւ հեզ ու բարոյալից, արժանաւոր աշակերտ:
Ժանին Հալէպեան` յառաջադէմ, ուշիմ աշակերտուհի:
Նենսի Թենքերեան` օրինակելի, ուշիմ եւ բարի վարուց յատկանիշով աշակերտուհի:
Ներկաները ջերմ ծափերով շնորհաւորեցին այս փայլուն արդիւնքով շրջանաւարտները:
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒԱՆԱՑԱՆԿ
Արազ Քելեշեան, Ժանին Հալէպեան, Աբօ Ճուլֆայեան, Սինթիա Գոնիալեան, Գարին-Լիլա Գալինճեան, Նաթալի Պէրպէրեան, Հրակ Մանուկեան, Ռիթա Թաւուքճեան, Մարիա-Քարմեն Անտոնեան, Ճոն Քէօսէեան, Նաթալի Լեհիմճեան, Պօղոս Ճանսըզեան, Ժոէլ Ժապութեան, Կարէն Աբրահամեան, Դալար Գուտուսեան, Ժան-Փիեռ Աստիկեան, Արման Մկրտիչեան, Քրիսթել Անթունեան, Մարալ Պզտիկեան, Կարօ Պողչալեան, Մարիպել Կիւրեղեան, Յասմիկ Ժապարեան, Լուչիա Ժամկոչեան, Քաթրին Լեհիմճեան, Մելիսա Նասրի, Ռիթա Թասլաքեան, Նենսի Թենքերեան: