Արամ Ոսկանեան Նշանակուեցաւ Միքայի Նոր Մարզիչ

Զոլթ Հոռնիաք

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի փոխախոյեան Միքայի մարզական կազմին մէջ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է:

Երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ գլխաւոր մարզիչ Զոլթ Հոռնիաք իր իսկ փափաքով եւ ակումբին հետ երկկողմանի համաձայնութեամբ հեռացած է եւ լքած իր պաշտօնը:

Ակումբի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արամ Ոսկանեան, որ մինչ այդ Հոռնիաքի առաջին օգնականն էր:

Ոսկանեանի գլխաւորութեամբ խումբը պիտի շարունակէ պարտադրուիլ նոր տարեշրջանին եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:

 

Share this Article
CATEGORIES