Հայրենի 29 Մարզիկներ Կը Մասնակցին Եւրոպայի 3-րդ Լիկայի Աթլեթիզմի Խմբային Ախոյեանութեան

Pan.Armenian.Net կը հաղորդէ, որ 20-23 յունիսին Սլովաքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի աթլեթիզմի 3-րդ լիկայի խմբային ախոյեանութիւնը:

Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին համաձայն, այս ախոյեանութեան կը մասնակցին 29 հայ մարզիկներ:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրը հանդէս պիտի գայ տարբեր տեսակի մրցումներուն:

Այս ախոյեանութեան մաս կազմողները բաւական յաջող ուսումնամարզական հաւաք մը ունեցան Ծաղկաձորի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES