Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Իտալիա Եւ Հիւրընկալ Երկիրը` Պրազիլ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքին, Ա. խմբակին մէջ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Իտալիա եւ հիւրընկալ երկիրը` Պրազիլ, ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը` իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ:
Ատիկա պատճառ դարձաւ, որ նոյն խմբակին մաս կազմող վերջին երկու խումբերը` Մեքսիքա եւ Ճափոն, դուրս մնան:
Պրազիլ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մեքսիքան` շնորհիւ Նէյմարի (9-րդ) եւ Ճոյի (90-րդ) նշանակած կոլերուն:
Իտալիա քիչ մը դժուարութեամբ 4-3 արդիւնքով յաղթեց Ճափոնի, երբ 86-րդ վայրկեանին նշանակեց իր յաղթանակի կոլը:
Ա. հանգրուանի վերջին ճակատումներուն, Պրազիլ պիտի մրցի Իտալիոյ դէմ, իսկ Մեքսիքա Ճափոնի դէմ:
CATEGORIES Մարզական


