Արցախեան Գոյամարտի 25-ամեակին Զուգահեռ Իր Շրջապտոյտին Առիթով. «Հայու Մարդկային Իրաւունքը Աւելի Կ՛արժէ, Քան Ազերիին Քարիւղն Ու Ձկնկիթը», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Հանրածանօթ Լրագրող, Ֆիլմարտադրող Ցվեթանա Փասքալեւա

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

2013-ը կը զուգադիպի արցախեան պայքարի 25-ամեակին ու այս առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրին մէջ հանրածանօթ լրագրող, ֆիլմարտադրող Ցվեթանա Փասքալեւա օրին, արցախեան գոյամարտի մասին պատրաստած էր վաւերագրական ֆիլմաշար մը: «Ղարաբաղի վէրքերը» խորագրեալ վաւերագրական այդ ֆիլմաշարի ցուցադրութեան համար ձեռնարկած իր նոր շրջապտոյտի ծիրին մէջ ան այցելեց նաեւ Լիբանան: Ծագումով պուլկարացի այս հայասէր լրագրողին ինքնութիւնը յատուկ իմաստ ունի հայկական  պահանջատիրութեան համար:

Օսմանեան հասարակաց թշնամիի լուծին տակ դարերով (1396-1878 Ք.ե.) կքած` ճակատագրակից Պուլկարիա անցեալին եւս իր ներդրումը ունեցած է հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին մէջ: Պուլկարիոյ  մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ հանգչած է ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Քրիստափոր Միքայէլեանի մարմինը, որ զոհ գացած էր 5 մարտ 1905-ին, Պուլկարիոյ Վիտոշ լերան վրայ, սուլթան Ապտիւլ Համիտը պատժելու համար գործածուելիք ռումբի պատրաստութեան ընթացքին: Նմանապէս, Սոֆիայի մէջ էր դարձեալ, որ ՀՅԴ-ի հիմնադիրներէն Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան) հիմնեց  «ՀՅԴ սպայից վարժարան»-ը: Նկարահանման միջոցով իրողութեանց բացայայտման ու լրագրողի իր կոչումին անսալով` ան մայիս 1991-ին առժամաբար կը մեկնի Արցախ, ուր ազերի ՕՄՕՆ-ականներ (կամ` «սեւ պերեներ» (Black Berets) նախկին Խորհրդային Միութեան հետեւորդ յատուկ նպատակով կազմուած ոստիկանական միաւոր) ձեռնարկած էին «Քոլցօ»` «Օղակ» գործողութեան (ծանօթ` «Օփըրէյշըն ռինկ» անունով) բռնագաղթի մղելով  Գետաշէնի (ազերիներու կողմէ «Չայքենդ» անուանափոխուած) Շահումեանի ու մերձակայքի հայութիւնը, բռնի կերպով ստորագրել տալէ ետք անոնց, թէ կամովին կը մեկնին իրենց տուներէն:

Նախկին Խորհրդային Միութեան կորպաչեւեան «փերեսթրոյքա»-ին ու զայն կազմած պետութեանց տարանջատման ու անկախացման ճակատագրական հանգրուանի նախօրեակին զուգադիպած արցախեան գոյամարտի օրհասական դէպքերուն վրայ ժխտական դերակատարութիւն կ՛ունենան  Պաքուի մէջ տեղակայուած ՕՄՕՆ-ականները:  Զօրավար Ռուշուան  Ճաւատովին գլխաւորած եւ 80 առ հարիւր համեմատութեամբ ազերիներէ բաղկացած այդ ՕՄՕՆ-ական միաւորի Արցախի հայութեան դէմ կատարած վայրագութեանց մասին կան բազմաթիւ միջազգային դէմքերու վկայութիւններ, ինչպէս` պարոնուհի Քարոլայն  Քոքս եւ ուրիշներ: Հայկական «սումկայիթ.ինֆօ» ռուսատառ կայքէջի անգլերէն բաժինը  պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի եւ Ճոն Էյպնըրի արցախեան պատերազմին  մասին պատրաստած տեղեկագրին վերագրելով իր տեղեկութիւնները` կը նշէ, թէ նախկին Խորհրդային Միութեան 4-րդ զօրաբաժնի պաշարման տակ ազերի ՕՄՕՆ-ականներ կը ներխուժեն Գետաշէն ու Շահումեան, որուն 20 հազար բնակչութեան 80 առ հարիւրը հայեր էին: Իսկ հայկական շրջաններուն մէջ տեղակայուած ՕՄՕՆ-ական միաւորին կ՛արգիլուի միջամտել Արցախի դէպքերուն, այլապէս իրենք եւս (ՕՄՕՆ-ականները) յարձակման ենթարկուելու սպառնալիքին տակ են:

30 ապրիլ 1991-ին  հայկական ճակատին վրայ տեղակայուած խորհրդային ուժերը կը  նահանջեն: Օգոստոս 1991-ին նախկին խորհրդային իշխանութեան գլուխ կու գայ Պորիս Ելցին, որուն օրով ազերի ՕՄՕՆ-ականներու դերը զգալիօրէն կը նուազի հայկական ճակատին դէմ  (17 մարտ 1995-ին անոնց ղեկավար Ճաւատով  իր յիսուն զինեալներուն հետ կը սպաննուի Պաքուի մէջ, ազերի իշխանութեան դէմ իր մղած խռովութեանց ընթացքին): Նաեւ` շրջանին մէջ տեղակայուած խորհրդային ուժերուն կը թելադրուի ըլլալ չէզոք ու անկողմնակալ:

Իսրայէլ Օրիի, Դաւիթ  Բէկի, Մխիթար  Սպարապետի եւ նման քաջերու բնօրրան Արցախը փետրուար 1988-ին իր 150 հազար բնակչութեամբ եւ «Ղարաբաղ կոմիտէ»-ի նախաձեռնութեամբ անհաւասար կռիւ կը մղէր եօթը միլիոն բնակչութեամբ եւ 81.100 քառ. քմ. տարածութեամբ զինք գերազանցող Ազրպէյճանին դէմ, որուն կը միանային Աֆղանիստանէն բերուած 1500 վարձկան «մուճահիտներ», ինչպէս կը վկայեն միջազգային բազմաթիւ աղբիւրներ: Այս մասին ուշագրաւ է զօրավար Ազեր Ռուսթամովի 1992-ին կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ` «հարիւրաւոր չեչէն կամաւորներ թանկագին օգուտ բերին` ղեկավարութեամբ Սալման Ռատոյեւի եւ Շամիլ  Պասայեւի»: Նոյնքան ուշագրաւ է Շուշիէն վերջին հեռացողներէն եղող` Շամիլ Պասայեւի այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, ան իր ամբողջ կեանքին մէջ միակ պարտութիւնը կրած է Ղարաբաղի մէջ`  «Դաշնակ» կռուողներուն դէմ  («Dashnak  battalion»): Արդ, 2 սեպտեմբեր 1991-ի պատմական Հայաստանի 10-րդ նահանգին` Արցախի մէջ  արցախահայութեան հռչակած «Արցախի հանրապետութիւն»-ը, անոր յաջորդած յաղթանակներով, 11.458 քառ. քմ. տարածութեան ազատագրումով  կու գար սրբագրելու 1921-ին նախկին ազերի ու խորհրդային ղեկավարներ` Նարիմանովներու եւ Ստալիններու կատարած պատմական սխալը:

1973-ին Լիբանանի մէջ ահաբեկուած պաղեստինցի գրող, մտաւորական Ղասսան Քանաֆանի ըսած է, թէ` «պաղեստինեան դատը ամէնէն արդար դատերէն մէկն է, սակայն անոր փաստաբանները ձախող են»: Արցախի դատը նոյնքան արդար դատ է, որ աւելի քան 18 տարիներէ ի վեր կը սպասէ արդար լուծման ու իր պետութեան իրաւական` տէ ժիւրէ միջազգային ճանաչման: Ու եթէ անոր փաստաբանները` մերօրեայ ազատամարտիկներ` Վիգէն Զաքարեան, Մհեր Ջուլհաճեան, Շահէն Մեղրեան, Թաթուլ Կրպէեան եւ շատ ուրիշներ, իրենց արեան գնով պաշտպանեցին Արցախի դատը, ապա միջազգային դէմքեր, ինչպէս` պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, լրագրող Ցվեթանա Փասքալեւա ու անոնց նմանները Արցախի դատը պաշտպանեցին միջազգային ամպիոններէն ու տեղեկատուական մարզերէն ներս, այնպէս` ինչպէս 1900-ին Փիեռ Քիյար իր խմբագրած «Փրօ Արմենիա»-ով  հայուն «ցաւ»-ը պարզեց միջազգային հանրային կարծիքին: Ու եթէ օրին Քրիստափոր Միքայէլեան նախաձեռնած ու խթան հանդիսացած էր Փիեռ Քիյարի ու անոր նմաններուն, ապա Արցախի հայութիւնը, անմեղ  մանուկները խթան հանդիսացան, որ հայասէր այս լրագրողը  երկարաձգէ իր կեցութիւնը Արցախ եւ յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւններն ու մահուան գնով Արցախի իրավիճակը պարզէ համայն աշխարհին` իր պատրաստած ֆիլմաշարին ընդմէջէն:

Փաստօրէն Գետաշէնի ու Շահումեանի եւ մերձակայքի ապրած օրհասական օրերուն Փասքալեւա կ՛ընդհատէ իր տոքթորայի աւարտաճառի պատրաստութեան ուսումնասիրութիւնը եւ կ՛ուղղուի դէպի Արցախ: Ան իր տպաւորութիւնները այնքան յուզիչ, վաւերական ու հարազատ ոճով կը փոխանցէ, որ կը ստիպէ հարց տալ, թէ արդեօ՞ք իսկապէս հայու արիւն չկայ անոր երակներուն մէջ…

«Ղարաբաղի վէրքերը» խորագրեալ ֆիլմաշարի ցուցադրութեան համար կատարած իր միջազգային շրջապտոյտի ծիրին մէջ Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին «Ազդակ»  Փասքալեւայի հետ անգլերէնով  հարցազրոյց ունեցաւ, զոր կու տանք թարգմանաբար:

 

«ԱԶԴԱԿ».- Ծանօթ է, որ լծուած էիք ձեր տոքթորայի աւարտաճառի պատրաստութեան, ի՞նչն էր, որ ձեզ մղեց մեկնելու Արցախի ճակատ. անձնական նախաձեռնութեա՞մբ  գացիք եւ ինչո՞ւ այդքան երկար մնացիք հոն: Նախապէս ծանօ՞թ էիք Արցախի կացութեան:

ՑՎԵԹԱՆԱ  ՓԱՍՔԱԼԵՒԱ.- Որպէս լրագրող` կարճ ատեն մը անցուցած էի Վրաստանի յարակից, Հարաւային Օսեթիոյ շրջանին մէջ, ու քիչ թէ շատ ծանօթ էի Հարաւային Կովկասի պատերազմական անցուդարձերուն: Սակայն  Արցախէն հասնող լուրերը մտահոգիչ էին,  յատկապէս որ մամուլը շատ բան չէր ըսեր այդ մասին, ու կը զգայի, թէ խորհրդաւոր բան մը կը կատարուի հայ-ազերի սահմանային ճակատին վրայ: Շշուկներ կային, թէ մարդիկ բռնագաղթի կ՛ենթարկուէին Շահումեանի ու Գետաշէնի մէջ:  Ես այն ատեն ֆրիլենս լրագրող էի: Լրագրական անհատական հաղորդումներ կը պատրաստէի եւ հեռակայ դրութեամբ կ՛աշխատակցէի Պուլկարիոյ ազգային  պատկերասփիւռի կայանին հետ: Ուզեցի մեկնիլ Արցախ եւ մօտէն ծանօթանալ կացութեան: Փորձեցի Մոսկուայէն Երեւան ու ապա Ազրպէյճանի ճամբով  Արցախ անցնիլ, սակայն Խոճալուի մէջ ազերի ՕՄՕՆ-ականներ երկար հարցաքննեցին զիս, թէ ինչո՞ւ  Հայաստանէն կու գայի: Երկու օր արգելափակեցին զիս օդակայանը, մինչեւ որ, յետ փաստաթուղթերու ստուգման, վստահ եղան, թէ հայ չեմ: Երբ հասայ Գետաշէն, արդէն բնակչութեան մեծ մասը բռնագաղթի ենթարկուած էր: Նկարեցի Գետաշէնէն վերջին բռնագաղթուող հայերը: Անոնց տեղ ազերիներ 600 ընտանիք բերած էին եւ կը բնակեցնէին Գետաշէնի մէջ, եւ իւրաքանչիւր նկարահանումիս կը յիշեցնէին, թէ այդտեղը յետայսու Չայքենթ կը կոչուի եւ ոչ` Գետաշէն: Անցայ Շահումեան, տեսարանը սրտաճմլիկ էր, առաջին նայուածքով  չհաւատացի, թէ նման բան կրնայ պատահիլ այս օրերուն: Ազերիներ ձեռնարկած էին «Քոլցօ»-ի կամ «Ռինկ» գործողութեան: Սկսայ նկարահանել  եւ  «Օղակ» գործողութիւնը պատկերասփռել  տուի  ռուսական եւ պուլկարական ազգային պատկերասփիւռէն: Այնուհետեւ միջազգային կայաններ, ինչպէս` «Սի. Էն. Էն.»,  «Էմ.Պի. Սի.», «Սի. Պի. Էս.», «Ֆրանս Տէօ», գերմանական կայանը,  Ռոյթըրզ եւ այլն ուզեցին իրենք ալ պատկերասփռել  նկարահանումներս:  1993-1994 թուականներու նկարահանումներս ցոյց տուի նաեւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու, ինչպէս` Միջազգային ներումին, ՄԱԿ-ին եւ այլն:  Նահատակ Բեկորի, Շահէն Մեղրեանի  գլխաւորութեամբ, «Ճիվան» խումբին հետ (որմէ մնացած էին Հայաստանէն ժամանած 23 կամաւոր ազատամարտիկներ) մէկ-մէկ անցանք հայերու լքուած տուներուն ընդմէջէն` հասնելով  Շահումեանի վերջին  մեծագոյն կայանը` Էրքեջ: Շահէնը կը փորձէր միջանցք մը ապահովել:

Որքան ժամանակը կը սահէր, այնքան աւելի կը խորանար հետաքրքրութիւնս ու փափաքս` օգնելու այս իրաւազրկուած բայց քաջարի հայերուն: Սկիզբը տեղեակ չէի Արցախի հայութեան, անցեալին  ու տիրող իրավիճակին մասին: Պրպտեցի պատմական աղբիւրներ ու վստահ եղայ, թէ Արցախի այդ հողերը հայկական են, մաս կը կազմեն հայերու պատմական հայրենիքին ու  հայեր իրաւական տէրերն են այդ հողերուն եւ իրենց իրաւունքն է ազատօրէն ապրիլ հոն: Ապրեցայ անոնց հետ, ապրեցայ իրենց պէս եւ ուզեցի համայն աշխարհին լուր տալ, թէ այս ժողովուրդը իրապէ՛ս օգնութեան կը կարօտի: Ազերի արձակազէններ մէկէ աւելի  անգամներ թիրախ դարձուցին լուսանկարչական գործիքս, իսկ նկարահանումներուս պատկերասփռումէն ետք անձնապէս զիս թիրախ դարձուցին:

Մէկէ աւելի անգամներ մահուան սպառնալիք ստացայ ազերիներու կողմէ: Ականատես եղայ սարսափելի յարձակման ենթարկուած զոհուած թէ ճողոպրած, փրկուած հայերու յուզիչ տեսարաններու, լսեցի անոնց վկայութիւնները այդ սարսափներուն մասին:

«Ա.».- «Ղարաբաղի վէրքերը» խորագրեալ ձեր պատրաստած ֆիլմաշարը ի՞նչ բանի կ՛անդրադառնայ եւ ի՞նչ է անոր պատգամը: Բաղդատաբար նախորդներուն` ձեր այս անգամուան ներկայացման մէջ նորութիւն կա՞յ:

Ց. Փ.- Ինչպէս նշեցի, որքան որ մնայի Արցախ, այնքան կ՛աւելնար փափաքս` խորանալու այս ժողովուրդի ծանօթացման ճիգերուս մէջ եւ կ՛ուզէի ամէն գնով, նոյնիսկ մահուան գնով աշխարհին փոխանցել Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին իսկական պատկերը, փոխանցել այն պատգամը, թէ այդ հողը հայերու բնօրրանն է: Երդուեցայ համայն աշխարհին փոխանցել Արցախի մէջ տիրող իրողութիւնը: Արցախի հայութիւնը ունի պատմական ու օրինական ամէն  հիմք ու ենթահող` աշխարհին փոխանցելու իր հարցը: Ատիկա  արցախահայութեան ազգային թիրախն է նպատակակէտն է:

Իմ պատկերասփռած հաղորդումներս որոշակի ազդեցութիւն գործեցին ու միջազգային հանրային կարծիքը հրահրեցին ի նպաստ հայութեան: Անոնց պատգամը այն է, որ այլեւս ժամանակն է, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, յատկապէս նոր սերունդը ծանօթանայ Արցախին եւ շատ աւելի բան գիտնայ անոր  մասին: Այդ հաղորդումներէս պատրաստեցի Արցախի  հարազատ պատկերը փոխանցող վաւերագրական տեսերիզներ, որոնք թարգմանուած են ու կը պատկերասփռուին հայերէնի կողքին` ռուսերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, պուլկարերէն եւ սպաներէն լեզուներով: Աշխատանք կը տանիմ զանոնք թարգմանելու նաեւ` արաբերէնի, գերմաներէնի ու թրքերէնի:

– 1991-ին պատրաստեցի «Բարձունքներ, յոյսեր» խորագրեալ  վաւերագրական տեսերիզը (Heights, Hopes):
– 1992-ին` «Արդեօ՞ք պիտի ծագի արշալոյսը Ղարաբաղի վերեւ» (Will There Be A Morning Over Karabakh):
– 1993-ին` «Սիրելիք իմ կենդանի ողջեր ու ննջեցեալներ»  (My dear, alive and dead):
– 1994-ին` «Ղարաբաղի վէրքերը»  (Wounds of  Karabakh):
– 1994-ին` «Հայրենիքի  զինուորներ»  (The soldiers of their land):
– 1995-ին` «Լռութիւն»  (Calm):
– 2001-ին` «Հաւատք եւ ոգի»  նուիրուած` Շուշիի ազատագրութեան (Faith and spirit):

Այս տեսերիզներու  ցուցադրութեան համար կազմակերպեցի մէկէ աւելի շրջապտոյտներ` զանոնք ներկայացնելով  Հայաստանի, Ռուսիոյ, Պուլկարիոյ, Կիպրոսի  մէջ, ինչպէս նաեւ` Չեխիոյ, Միացեալ Նահանգներու` Լոս  Անճելըսի, Ֆրանսայի, Քանատայի  ու Աւստրալիոյ խորհրդարաններէն ներս: Իւրաքանչիւր շրջանին մէջ յատուկ ելոյթներ ունեցայ` պարզելով ու ամբողջացնելով  նպատակադրուած պատգամը:

«Ա.».- Որքա՞ն մնացիք Արցախ եւ անոր դէպքերը որքանո՞վ  ազդեցին  ձեր անձնական կեանքին վրայ:

Ց. Փ.- Արցախի մէջ  մնացի մայիս 1991-էն մինչեւ մայիս 1994-ի զինադադարը: Ապա որոշեցի հաստատուիլ Հայաստան, ուր մինչեւ օրս կ՛ապրիմ, կը գործեմ, շաբաթական հերթականութեամբ կը ներկայացնեմ «Ճառագայթ» հաղորդումը: Աւելի քան 18 տարիներէ ի վեր կը սպասեմ վերջնական խաղաղութեան հաստատման ու Արցախի  Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման:  Իմ երազս է խաղաղութեան հաստատումը: Կը սպասեմ զէնքերու վերջնական լռութեան, որպէսզի պատրաստեմ խաղաղութեան մասին նոր տեսերիզ մը: Ճիշդ է` ընդհատեցի բարձրագոյն ուսումս, կեանքս լրիւ յատկացուցի այս հարցի ծանօթացման յաչս համայն աշխարհին, բայց երբեք չեմ զղջար ու հպարտ եմ իմ այս ընտրութեամբս եւ իրագործումներովս:

Յաճախ կու լայի ի տես մանուկներու, կիներու եւ տարեցներու ամէնօրեայ սպանութեանց, կը յուսահատէի եւ կը կարծէի, թէ այլեւս չեմ կրնար շարունակել: Բայց երբ կը տեսնէի  արցախցի մանուկներուն տեսարանը, արցախցիներուն վճռակամութիւնը` մահուան գնով պաշտպանելու իրենց պապենական հողը, կը հիանայի:  Ես ընտրութիւնը ունէի` յոռեգոյն պարագային ձգելու եւ դառնալու իմ երկիրս, բայց այս մարդիկը, այս մանուկները ո՞ւր պիտի երթային կը մտածէի:  Մահ կամ ազատութիւն վիճակուած էր անոնց, այլընտրանք չկար: Արցախցիք, Արցախի մանուկները ինծի ծանր դաս տուին հայրենասիրութեան, յամառօրէն գոյատեւելու եւ մահուան գնով  պապենական հողը պաշտպանելու վճռակամութեան մէջ: Արցախը դպրոց մը եղաւ ինծի համար: Արցախեան փորձառութիւնս ճակատագրական ու անկիւնադարձային  հանգրուան մը եղաւ կեանքիս մէջ: Այդ  փորձառութիւնս զիս դրաւ հոն, ուր պէ՛տք էր ըլլայի: Լրագրական առաքելութեանս ու կոչումիս տուաւ վեհ խոյանք ու ազնիւ վարկ, իմա՛ստ  ու արժէք: Արցախն ու Հայաստանը փոխեցին ճակատագիրս,  անո՛նք եղան իմ ճակատագիրս:

«Ա.».- Քանի այդքան մօտէն ապրեցաք Արցախի ազատամարտը, ի՞նչ կը  կարծէք Խոջալուի դէպքերուն մասին, վստահաբար դուք դէպքերուն ճիշդ վայրը չէիք այդ օրերուն, սակայն որքանո՞վ  համոզուած էք  ազերիական տեղեկատուական խեղաթիւրումներուն եւ անհիմն  յերիւրանքներուն:

Ց. Փ.- Բացարձակապէս չեմ համոզուած. ազերիներ միշտ նախայարձակ եղած ու բիրտ վերաբերմունք ցուցաբերած են  հայերուն նկատմամբ` անտեսելով մարդկային  իրաւունքի տարրական տրամադրութիւնները: Հայերը ինքնապաշտպանութեան դիմեցին ու անցք մը ապահովեցին, որ ազերիներ կարենան դուրս գալ «տաք» թաղամասերէն: Մինչդեռ ազերիներ թոյլ չէին տար, որ մարդիկ (հայեր) ազատօրէն ապրին իրենց հողին վրայ: Անոնք դիտումնաւոր կերպով կռնակէն հարուածեցին ու սպաննեցին նոյնիսկ իրենց ազգակից ազերիները` այդ արարքները վերագրելով հայ զինեալներուն:

Այս մասին վկայած են նոյնիսկ միջազգային  մարդկային իրաւանց մարմիններն ու մամուլը: Խոջալուի դէպքերը հրահրուած էին նոյնինքն ազերիներու կողմէ, այդ դէպքերը կանխածրագրուած էին ազերիական Ազգային ճակատի ուժերուն կողմէ: Փաստօրէն, Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Այազ Մութալիպով 2 ապրիլ 1992-ին «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ խոստովանեցաւ, թէ հայեր միջանցք մը ձգած էին, որ մարդիկ  (ազերիներ) փախչին: Մութալիպով չեխ լրագրող Եանա Մազալովային տուած իր հարցազրոյցին մէջ Խոջալուի դէպքին պատասխանատուութիւնը վերագրեց  ազերիներու Ազգային Ճակատի ուժերուն, որոնք կ՛ուզէին Խոջալուի մէջ իրենց ձախողութիւնը բեռցնել Մութալիպովի ուսերուն ու այդ պատրուակով գահընկէց ընել զայն ու Ալիեւը  իշխանութեան  գլուխ բերել, քաղաքական փոփոխութիւն յառաջացնելու նպատակով: Օրին ռուսական թէ միջազգային մամուլը յստակօրէն անդրադարձաւ այս իրողութեան:

«Ա.».- Ձեր այս աշխատանքը վստահաբար դիւրին չէր, գլխաւոր ի՞նչ դժուարութիւններ դիմակալեցիք, օրինակ` ապահովական թէ նիւթական իմաստով: Արցախի մասին ձեր պատրաստած վաւերագրական տեսերիզները  ինչպէ՞ս կը ֆինանսաւորէք,  յատուկ մեկենաս մը ունի՞ք:

Ց. Փ.- Դժուարութիւններ միշտ եղած են ու կը շարունակեն, սակայն կամքով ու հաւատքով գործելով` կարելի է յաղթահարել ամէն դժուարութիւն: Հիմնականը ֆիզիքական ապահովութիւնն է, ու ես մէկէ աւելի առիթներով մահուան սպառնալիք ստացայ ազերիներէն, որովհետեւ արցախեան ճակատէն  պատկերասփռած լրատուական հաղորդումներս հաճելի չէին թուեր իրենց: Նիւթականի գծով, անձնական եկամուտէս կը հոգամ պատրաստած աշխատանքներուս ֆինանսաւորումը: Մասնաւոր մեկենաս կամ բարերար չկայ, սակայն եթէ ըլլայ, վստահաբար շատ աւելի արդիւնաւոր աշխատանք կրնամ իրագործել:

«Ա.».- Կը  կարծէ՞ք, որ ապահովական կացութիւնը կրնայ վատթարանալ Արցախի ճակատին  վրայ:  Պատերազմի  վերսկսման  հաւանականութեան  պարագային, ի՞նչ պիտի ընէք, կրկին պիտի մեկնի՞ք Արցախ:

Ց. Փ.- Անձնապէս չեմ կարծեր, որ պատերազմը  վերսկսի. այսուհանդերձ, ես խոստացայ իրենց` արցախցիներուն կողքին ըլլալ ու ես տակաւին խօսքս կը պահեմ, 1991-էն ի վեր անոնց հետ եմ ու 22 տարիէ ի վեր կը սպասենք վերջնական խաղաղութեան հաստատման: Ռազմաճակատի վրայ կռուելու համար զէնք չունիմ, իմ զէնքս իմ  քամերաս է: Ես պիտի շարունակեմ  պայքարիլ ի՛մ ոճովս, լուսանկարչական գործիքովս, հաղորդումներովս ու գրիչովս` փորձելով դարման ըլլալ  Արցախի «վէրքերուն» ու անոր «ցաւը» փոխանցել համայն աշխարհին: Յատկապէս Շահումեանի եւ Էրքեջի մէջ ականատես եղայ ցաւալի տեսարաններու եւ ապրեցայ  յուզիչ պահեր: Այդ տեսարանները ինծի յիշեցուցին իմ` պուլկարացի ժողովուրդիս կրած հինգ դարերու տառապանքը թուրք-օսմանեան լուծին տակ… Տակաւին կը յիշեմ, արհաւիրքի օրերուն, երբ ուղղաթիռով կը մեկնէի, Արցախի, յատկապէս Շահումեանի  ռազմաճակատի նկարահանումներս արտաքին աշխարհին պատկերասփռելու, արցախցիք արցունքոտ աչքերով կ՛ըսէին. «Գնա՛, աշխարհին ցոյց տուր մեր ողբերգութիւնը, բայց վերադարձի՛ր»: Ես անոնց կ՛ըսեմ` «ցա՛ւդ տանեմ»:

«Ա.».- Համայն հայութիւնը կը պատրաստուի  2015-ին նշել Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակը: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը  Թուրքիոյ մերժողական կեցուածքին գծով:

Ց. Փ.- Հայութեան դատը անժամանցելի է, հայեր կը պայքարին արդար դատի մը համար, եւ որքան ալ ժամանակը անցնի, համայն աշխարհ, ինչպէս նաեւ Թուրքիա ուշ կամ կանուխ պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ այս է  միակ ձեւը իրենց  յանցանքը քաւելու: Եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը օրին ճանչցուէր, այլ վայրերու մէջ նոր ցեղասպանութիւններ պիտի չգործադրուէին: Ցեղասպանութեան հերքումն ու մերժումը դուռ  կը բանայ նոր ցեղասպանութիւններու: Ես կը հաւատամ, որ ուշ կամ  կանուխ համայն աշխարհ,  պիտի ընդունի եւ դատապարտէ  Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ Թուրքիա պիտի ընդունի իր սխալը եւ ներողութիւն խնդրէ, այնպէս` ինչպէս Գերմանիա ճանչցաւ հրեաներու Ողջակիզումը` «Հոլոքոսթ»-ը: Եւ ատիկա բարոյական դաս պիտի ըլլայ  ուրիշ ժողովուրդներու, որպէսզի չկրկնուին  նման  ջարդեր:

«Ա.».- Երկար ատենէ կ՛ապրիք Հայաստան ու մօտէն  շաղուեցաք Արցախի հայութեան  հետ, իսկ Լիբանան նախապէս ալ այցելած էք ու ծանօթ էք լիբանանահայ գաղութին, ի՞նչ է ձեր    տպաւորութիւնը  հայ ժողովուրդին ու յատկապէս`  հայուհիին, հայ կնոջ, հայ մօր մասին:

Ց. Փ.- Հայութիւնը երկար ատենէ ի վեր կ՛ապրի իր պապենական հողերուն վրայ ու կը պայքարի իր արդար իրաւունքներուն համար:  Արցախի մէջ  ես տեսայ սխրագործութիւնները  անոր քաջարի հերոսներուն,  որոնք նահատակուած են ու  դժբախտաբար  մեզի հետ չեն հիմա:  Հայ ժողովուրդը  եւ ի մասնաւորի` արցախցիք,  զարգացած ու կրթուած են, հպարտօրէն կառչած են իրենց արմատներուն: Խորապէս կը  հաւատան իրենց պատմութեան, պատմական զօրաւոր ենթահող ունին,  հայրենասէր, հերոս ժողովուրդ են: Նոյնքան  խիզախ ու քաջարի են հայուհիները: Հայ կինը կը քաջալերէ ու խթան կը հանդիսանայ իր ամուսնոյն` մնալու ճակատի յառաջապահ դիրքերուն վրայ, չնահանջելու, չյուսահատելու: Ան տղամարդուն հաւասար իրաւունքներով  կ՛ապրի ու կը գործէ: Հայ մօր տիպարը խորհրդանշական յատուկ իմաստ ունի հայութեան համար: Մայր հասկացողութիւնը  «սուրբ»  է անոնց մօտ: Իմ տեսերիզներէս մէկուն մէջ յատուկ տեղ տրամադրած եմ հայուհիի կեցուածքին: Արցախցիին նայելով, ես կը յիշեմ իմ` պուլկարացի ժողովուրդս, թէ ինչպէս ապրած է օսմանեան բռնատիրութեան տակ: Օրինակ, ինծի համար Արցախի օդաչուն հերոս է,  որ կ՛ապահովէ Հայաստանի ու Արցախի հաղորդակցութիւնը, գլխաւոր միջոցն է այդ կապին, ինծի համար այդ օդաչուն հերոս է: Նմանապէս հերոս է արցախցի բժիշկը, որ կամաւոր  կերպով, գիշերը ցերեկին խառնելով, կը հսկէ վիրաւոր ազատամարտիկներու եւ անկար մանուկներու ու ծերերու ապաքինման: Ես խոր հաւատք ունիմ հայերու պահանջատիրական կամքին վրայ: Լիբանանահայ գաղութի պարագային, նմանապէս հայրենասէր ու հիւրասէր են, յատկապէս` Այնճարի հայութիւնը, Այնճարի մանուկները, որոնք խորապէս մտահոգ են հայրենի հայութեան վիճակով Արցախի մէջ: Խիստ կազմակերպուած ու կարգապահ այս հայաւանին մասին  համայն  սփիւռքահայութեան կ՛ըսեմ, թէ` «Այնճարի մէջ  դուք  արդէն ունիք փոքրիկ Արցախ մը, նոյնքան  հզօր ու հայրենասէր, տոգորուած հայրենատենչ նոյն զգացումներով, նախանձախնդիր` պահելու եւ պահպանելու հայկական աւանդութիւնները, հայու  աւանդական տիպարը»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES