«Էն.Պի.Էյ.». Մայեմի Հիթ` Ախոյեան

«Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական եօթներորդ եւ վերջին մրցումին, Մայեմի Հիթ հանդիսացաւ ախոյեան, երբ իր դաշտին վրայ 95-88 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը` 20 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց 37 կէտ եւ 12 ռիպաունտ, մինչ անոր խմբակից Տուայն Ուէյտ` 23 կէտ: Սփըրզի մարզիկ Թիմ Տանքըն նշանակեց 24 կէտ եւ 12 ռիպաունտ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հրապարակած իր այս լուրին մէջ նշեց, որ աւարտական այս վերջին մրցումին տոմսերը «սեւ շուկայ»-ին մէջ ծախուեցան աւելի քան 30 հազար ամերիկեան տոլարի:

Սփըրզ կրնար ախոյեան հանդիսանալ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած վեցերորդ մրցումին, սակայն Հիթ շրջելով մրցումին արդիւնքը երկարաձգման ընթացքին ինք էր, որ յաղթանակ արձանագրեց:

Նշենք, որ աւարտական այս մրցումներուն լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին (MVP) տիրացաւ Ճէյմս:

Share this Article
CATEGORIES