Խաչատուրով Ֆութպոլիստի Իր Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Թիրասփոլի Հետ

Հայկական լրատու աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շերիֆի յետսապահ Արտեոմ Խաչատուրով, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Թիրասփոլի հետ:

Մոլտաւիական լրատուամիջոցները, որոնք փոխանցեցին այս լուրը, նշեցին, որ Թիրասփոլ կը փորձէ իր կազմը զօրացնել, լաւապէս պատրաստուելու համար յառաջիկայ տարեշրջանին, մանաւանդ որ ապահոված է «Եուրոփա Լիկ»-ին իր տոմսը` Մոլտաւիոյ ախոյեանութեան աւարտին գրաւելով 3-րդ դիրքը:

Նշենք, որ այս տարեշրջանի աւարտին եօթը ֆութպոլիստներ հեռացան Թիրասփոլէն:

Share this Article
CATEGORIES