Նոր Բերդապահ` 19 Տարեկաններու Հաւաքականին Մէջ
Ներկայիս Մարտունիի Ալաշկերտի հետ փորձառական շրջան մը կը կատարէ Պուլկարիայէն ժամանած պատանի բերդապահ Էդուարդ Մեչիքեան, կը յայտնէ Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
190 սմ հասակ ունեցող բերդապահը գրաւած է նաեւ Հայաստանի 19 տարեկաններէն վար հաւաքականի մարզիչներու խումբին ուշադրութիւնը:
17 տարեկան բերդապահը, որ ժամանեց Սոֆիայի (Պուլկարիա) Օսքար խումբէն, Հայաստան հասնելով ուղղակի միացաւ հաւաքականին, որ երէկ Հանքաւանի մէջ հաւաքի մը սկսաւ:
Սակայն փորձերուն չի մասնակցիր Բանանցի մարզիկներէն Նայիրի Մինասեան (վիրաւոր):
CATEGORIES Մարզական

