Փինկ Փոնկ. Անուար Ժըտէյտէ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ
Լիբանանի փինկ փոնկի փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Անուար Ժըտէյտէ եւ Շապապ Ֆաուար (Զղարթա) ճակատեցան իրարու դէմ` Ա. դասակարգին մէջ մնալու կամ Բ. դասակարգէն Ա. դասակարգ բարձրանալու մրցումներուն ծիրին մէջ:
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած այս մրցումին, Անուար Ժըտէյտէ 3 – 1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ բարձրանալ Ա. դասակարգ:
Յաղթական կազմին մէջ էին Ֆատի Քասսիս, Սամիր Մըրզի եւ Ալեն Սըմրանի, իսկ Ֆաուարի կազմին մէջ` Մարք Մարգարեան, Ժերար Նաքատ եւ Հիլալ Մուխթար:
Նշենք, որ այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Փիեռ Հանի:
CATEGORIES Մարզական


