Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Անուան 6-րդ Յուշամրցաշարք. Ռոպերթ Յովհաննիսեան Կը Մնայ Առաջին

Ջերմուկի մէջ (Հայաստան) տեղի ունեցող Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 6-րդ յուշամրցաշարքին, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք ապահովելով առաւելագոյն 5 կէտը, առանձնացած կը մնայ առաջին դիրքին վրայ:

Արթուր Չպուքճեան եւ Զաւէն Անդրէասեան ապահոված են 4-ական կէտ, իսկ տասը ուրիշներ` 3,5-ական կէտ:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 55 ճատրակ խաղացողներ:

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը (armchess.am), որ կը փոխանցէ այս լուրը, կ՛աւելցնէ ըսելով որ 9 տարեկան հայ ճատրակ խաղացող Գոհար Թամրազեան հանդիսացաւ Զուիցերիոյ 12 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան` ապահովելով առաւելագոյն 7 կէտէն 6 կէտ:

Այս մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Սիեպնենի մէջ:

Ան կարեւոր արդիւնք արձանագրեց նաեւ 16 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, երբ գրաւեց երրորդ դիրքը` կէս կէտով միայն ետ մնալով տիտղոսին տիրացած Լենա Ճիորճեսքուէն:

Share this Article
CATEGORIES