Տնտեսական Տագնապի Պատճառով. Իմփուլս Սնանկացած Հռչակուեցաւ
Յունիսին սնանկացած հռչակուեցաւ եւ տնտեսական պատճառով լուծուեցաւ Դիլիջանի Իմփուլսը, որուն պատճառով Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ակումբներուն թիւը կրճատուեցաւ եւս մէկով` հասնելով 8-ի (Ուրարտու ցարդ համապատասխան արտօնագիր չունի), երէկ յայտնեց Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը:
Երբ երէկ Իմփուլսի պատասխանատուները հանդիպեցան Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին հետ, ըսին, որ այլեւս չեն կրնար խումբը պահել, որովհետեւ չունին նիւթական միջոցներ:
Հայրապետեան անոնց ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ նոր ներդրողներ գտնելու համար, սակայն ան շեշտեց կարեւորութիւնը այն կէտին, որ պատահական մարդիկ պէտք չէ յայտնուին հայկական ֆութպոլին մէջ:
Հայրապետեան ըսաւ, որ «ակումբի մը տարեկան պիւտճէն կը կազմէ 1,5 միլիոն ամերիկեան տոլար: Բանանց ունէր 2 միլիոն ամերիկեան տոլար եւ գրաւեց դասաւորման վերջին դիրքը: Մեզի համար կարեւոր չեն ակումբներ, որոնք քանի մը ամիս միայն գոյատեւեն: Եթէ տեսնենք, որ լուրջ մարդիկ կու գան ֆութպոլի համար, եւ պատրաստ են բնական ակումբ հիմնելու եւ պահելու այդ ժամանակ է, որ մեծ ուրախութեամբ կ՛ընդունին զանոնք»:

