Լիբանանի Մարզիչը Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Իթթիֆաքի Հետ

Արաբական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքըր լքելով իր կազմը եւ չեղեալ նկատելով իր ստորագրած պայմանագրութիւնը` Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Իթթիֆաքի հետ (Սէուտական Արաբիա):

Անոր փոխանցման մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան, սակայն ակումբին տոմարներուն վրայ ստորագրելու ընթացքին Իթթիֆաքի նախագահը` Ապտել Ազիզ Տոսարի ըսաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Պոքըր խումբին մարզիչն է:

 

Share this Article
CATEGORIES