Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Շաբաթավերջին Կ՛աւարտին Ա. Հանգրուանի Մրցումները
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումները կ՛աւարտին այս շաբաթավերջին, երբ կը կատարուին վերջին չորս մրցումները: Երէկ մրցում տեղի չունեցաւ:
Ցարդ Պրազիլ եւ Իտալիա ապահոված են իրենց տոմսերը` Ա. խմբակին մէջ, սակայն անոնց միջեւ տեղի ունենալիք այսօրուան ճակատումին արդիւնքը պիտի վճարէ, թէ ո՛վ պիտի գրաւէ խմբակին պարագլուխի դիրքը` կիսաւարտականին մրցելու համար Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ:
Ինչ կը վերաբերի Բ. խմբակին պարզող պատկերին, երկու յաղթանակ արձանագրած Սպանիա արդէն իսկ իր մէկ ոտքը նետած է կիսաւարտական` նկատի ունենալով, որ անիկա 10 – 0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելէ ետք Թահիթին, բաւական բարելաւեց իր կոլէվըրէյճը (+11):
Վերոնշեալ մրցումին Ֆեռնանտօ Թորես նշանակեց 4 կոլ (5-րդ, 33-րդ, 57-րդ եւ 78-րդ), Տաւիտ Վիյա հեթրիք մը իրագործեց (39-րդ, 49-րդ եւ 64-րդ), Տաւիտ Սիլվա նշանակեց երկու կոլ (31-րդ եւ 89-րդ), մինչ Խուան Մաթա կոլ մը (66-րդ):
Ուրուկուէյցի յառաջապահ Տիեկօ Ֆորլան, որ Նիկերիոյ դէմ իր կատարած մրցումին 100-րդ անգամ ըլլալով կը կրէր ազգային խումբին շապիկը, նշանակեց իր կազմին յաղթանակի կոլը (2 – 1)` 51-րդ վայրկեանին:
Այժմ Սպանիա ունի 6 կէտ, Նիկերիա եւ Ուրուկուէյ` 3-ական, իսկ Թահիթի` ոչ մէկ կէտ:
Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ. Ա. ԽՄԲԱԿ
Իտալիա – Պրազիլ 22:00
Ճափոն – Մեքսիքա 22:00
ՎԱՂԸ` Բ. ԽՄԲԱԿ
Նիկերիա – Սպանիա 22:00
Ուրուկուէյ – Թահիթի 22:00

