Հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի կազմակերպած տարեկան հասութաբեր ձեռնարկը` ճաշկերոյթը, տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 յունիս 2013-ին, Զալքայի «Մուշարապիյէ» ճաշարանին մէջ, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Ալեն Թապուրեանի, ինչպէս նաեւ` ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի աւելի քան 300 բարեկամներու, համակիրներու եւ ընկերներու, որոնց շարքին` նախկին նախարար Սեպուհ Յովնանեան, կենսոլորտի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Պերճ Հաճեան, Մըզհերի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Մըզհերի փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան, Անթիլիասի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայի Ոսկերիչեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Յակոբ Թերզեան, Մըզհերի թաղապետ Աւետիս Քէօրքիւնեան, Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կորիւն Քէլէշեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, վերահաստատեց կոմիտէի պատրաստակամութիւնը շրջանի բնակչութեան նեցուկ կանգնելու եւ առանց խտրականութեան օժանդակելու անոնց` այդ օժանդակութիւնը հասցնելով մինչեւ Արցախ եւ Ջաւախք, կարելի ներդրումներ կատարելով հայրենիքի այդ հատուածներուն մէջ:
Օրուան հանդիսավարն էր Սարգիս Նոխուտեան, որ իր կարգին արաբերէնով եւ հայերէնով ողջունելէ ետք ներկաները, բեմ հրաւիրեց յեղափոխական երգերու սիրուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանը:
Յեղափոխական երգը հնչեց մինչեւ առաւօտ` ներկաներուն խանդավառութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին: Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:
ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէն շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ նուիրատուներուն, ներողամտութիւն խնդրելով բոլոր այն հայորդիներէն, որոնք տեղի չգոյութեան պատճառով չկրցան ներկայ գտնուիլ ճաշկերոյթին, ուրախութեամբ կը յայտնէ, թէ 15 յունիս 2013-ին տեղի ունեցած ձեռնարկին գոյացած է աւելի քան 60.000 ամ. տոլար:
Կը հաւատանք, որ միասնաբար` մեր ընկերներով եւ բարեկամներով, պիտի մնանք պատնէշի վրայ, ծառայութեան բոլոր մարզերուն մէջ:
Ձեզմով ենք ուժեղ,
Բոլորով ենք ուժեղ,
Մնանք ուժեղ:
ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէ
Մըզհեր
20 յունիս 2013

