Երեքշաբթի, 25 Յունիսին. Մամլոյ Ասուլիս` Վարժարաններուն Մէջ 2013-2014 Տարեշրջանէն Սկսեալ Ճատրակի Դասընթացքները Սկսելու Գծով

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ երեքշաբթի, 25 յունիսին, կրթութեան նախարարութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` 2013-2014 տարեշրջանէն սկսեալ վարժարաններուն մէջ ճատրակի դասընթացքները սկսելու գծով:

Կէսօրէ ետք ժամը 13:00-ին սկսելիք մամլոյ ասուլիսին խօսք պիտի առնեն Լիբանանի կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըր:

 

Share this Article
CATEGORIES