«Ընդդիմութիւնը Կ՛ուզէ Թուրքիոյ Յառաջդիմութիւնը Կասեցնել» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ սկսաւ շաբաթավերջին Կեսարիոյ, Էրզրումի եւ Սամսոնի մէջ նախատեսուած իր հաւաքներուն:

Էրտողան Կեսարիոյ մէջ տասնեակ հազարաւոր համակիրներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ բազմիցս շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ ժխտական զարգացումները իրարու կապուած են, եւ ժողովուրդը գովաբանեց ի նպաստ այդ բոլորին դարմանը եղող կառավարութեան քուէարկելուն համար:

«Այսօր Անատոլուն եւ Թրակիան իրարու միացած են: (Անոնք) վանտալութեան եւ բարբարոսութեան դէմ կ՛ըմբոստանան», ըսաւ ան:

Ան ժողովուրդին հարցուց, որ Կեսարիան ժողովրդավարութիւնն ու Թուրքիա՞ն կը պաշտպանէ` աւելցնելով, որ կը սպասէ ուժեղ պատասխանի, որ լսելի ըլլայ «Պաղտատի, Դամասկոսի, Պէյրութի եւ Երուսաղէմի մէջ»:

Ան նաեւ ըսաւ, որ ինք ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլերին հրամայած է 24 ժամուան ընթացքին Թաքսիմ հրապարակն ու «Աթաթուրք» մշակութային կեդրոնը ցուցարարներէ մաքրել: «17 օր սպասեցինք: Կեզի հանրապարտէզը բռնագրաւող խմբակին չի պատկանիր, այլ ամբողջ հասարակութեան: Չէք կրնար հանրապարտէզներ գրաւել: Ատիկա օրէնքին դէմ  է», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ «Թաքսիմը հաւաքներ կատարելու վայր չէ»:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ «ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ Թուրքիոյ յառաջդիմութիւնը կասեցնել»` նշելով, որ «ծառերու հատման դէմ կը բողոքեն, սակայն իրենց նպատակը վատ է, Պոլսոյ մէջ կարգ մը մեծ ծրագիրներ իրագործեցինք եւ տարեկան հարիւր միլիոն զբօսաշրջիկ հիւրընկալող օդակայանի ծրագիրը վաւերացուցինք, սակայն միայն այլ ծրագիրներով հետաքրքրուած են»:

Էրտողան շեշտեց, որ «ընդդիմութեան դաւերը մեր երթը պիտի չկասեցնեն»` աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ ապահովութիւնը պիտի չզոհենք եւ ընդդիմութեան գրգռութիւններէն պիտի չտարուինք»:

Անգարայի, Մերսինի Եւ
Իզմիրի Մէջ Բախումներ

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Անգարայի մէջ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, երբ վերջիններս պնդած են Քուկլու հանրապարտէզէն դէպի Քըզըլայ հրապարակ քայլարշաւ մը կատարել:

Նոյնպիսի բախումներ տեղի ունեցան Մերսինի մէջ, ուր Էրտողան «Միջերկրական ծովու 17-րդ մրցաշարքին» բացումը կատարեց: Բախումներուն պատճառով արձանագրուեցան 8 վիրաւորներ, որոնցմէ 6-ը` ոստիկաններ: Ձերբակալուեցան 8 ցուցարարներ:

Իզմիրի մէջ ոստիկանութիւնը ձերբակալեց 14 անձեր` կառավարութեան դէմ ցոյցեր կազմակերպելու եւ խափանարարական արարքներու իրենց մասնակցութեան համար:

Աւստրիա Եւ Գերմանիա Թուրքիան
Եւրոպական Միութեան Մէջ Չեն Տեսներ

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար, փոխվարչապետ Միխայէլ Շփինտելեկըր Եւրոպական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ժամանակ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ «մենք Թուրքիան աւելի արտօնեալ գործընկերոջ դերին մէջ կը տեսնենք, քան` Եւրոպական Միութեան անդամի»:

Ըստ անոր, նման դիրքորոշման մէջ կարեւոր դեր կը խաղան քաղաքական իրադարձութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ մէջ: Ըստ Շփինտելեկըրի, Եւրոպական Միութիւն մտնել ձգտող պետութեան համար կարեւոր է պահպանել քաղաքացիներու իրաւունքները եւ ազատութիւնները:

Մինչ այդ, Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Աւնի Քարսլըօղլու երէկ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է: Գերմանացի պաշտօնատարներուն հետ դեսպանին քննարկումներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չկան:

Share this Article
CATEGORIES