Երեքշաբթի Օր Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ Հանդիպում «Սուրիական Ընդդիմութեան Դրամի Եւ Զէնքի Մատակարարումը Երկար Ատենէ Ի Վեր Տեղի Կ՛ունենայ» Կ՛ըսէ Փութին

Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան դրամի եւ զէնքի մատակարարումը երկար ատենէ ի վեր տեղի կ՛ունենայ»` նշելով, որ «ահաբեկիչներ ընդգրկող սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու Արեւմուտքի փափաքը դժուար է հասկնալ»:

Ան ըսաւ, որ «Ռուսիայէն եւ Եւրոպայէն առնուազն 600 զինեալներ ընդդիմութեան շարքերուն մէջ կը կռուին»:

ՄԱԿ-ի բանբեր Քորին Մոմալ Վանիան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներէն եւ Ռուսիայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երեքշաբթի օր Ժընեւի մէջ հանդիպում պիտի ունենան Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ:

Պոկտանով. «Նասրալլա Ինծի Ըսաւ, Որ
Դամասկոսի Անկումը Կանխարգիլելու Համար
Սուրիոյ Տագնապին Միջամտած Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով «Հայաթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի թուական մը ճշդելը կարելի պիտի չըլլայ, նախքան սուրիական ընդդիմադիր կողմերու մասնակցութեան բնոյթն ու մեքանիզմներու ճշդումը` աւելցնելով, որ իր երկիրը բացի ահաբեկիչներէն ընդդիմադիր որեւէ շրջանակի մասնակցութեան նկատմամբ վերապահութիւն չունի:

Ան շեշտեց, որ տագնապը քաղաքական դաշտ փոխադրելու կշռոյթը պէտք է արագացնել` աւելցնելով, որ աշխարհ Ժընեւի համաձայնութենէն ետք մէկ տարի կորսնցուց:

Պատասխանելով Սուրիոյ մարտերուն Հըզպալլայի մասնակցութեան մասին հարցումի մը` Պոկտանով յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա իրեն ըսած է, որ Սուրիոյ մէջ միջամտելու որոշումը որդեգրուած է, երբ ընդդիմադիր զինեալներ Դամասկոս հասած եւ «մօտեցած էին յաղթանակ տօնելու»:

Ամերիկացի Ծերակուտականներ Սուրիական Ընդդիմութեան Զէնքի Մատակարարումը Արգիլող Բանաձեւ Մը Ներկայացուցած Են

Մինչ ամերիկեան վարչակազմը կը ջանայ սուրիական ընդդիմութեան զինուորական օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար Քոնկրեսի հաւանութիւնը ստանալ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի չորս անդամներ ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային կ՛արգիլէ սուրիական ընդդիմութեան զինուորական օժանդակութիւն տրամադրել, որովհետեւ, ըստ իրենց, ամերիկեան վարչակազմը «Սուրիոյ մէջ վտանգներով լեցուն միջամտութեան» մասին տեղեկութիւններ չէ ներկայացուցած:

Դեմոկրատական ծերակուտականներ Թոմ Օտալ եւ Քրիս Մըրֆի, ինչպէս նաեւ հանրապետական ծերակուտականներ Մայք Լի եւ Ռանտ Փոլ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ գոյութիւն չունի որեւէ երաշխիք, թէ այդ զէնքերը անբաղձալի կողմերու ձեռքը պիտի չանցնին:

 

Share this Article
CATEGORIES