Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որուն ընկերակցեցաւ դեսպանատան զինուորական կցորդ Միշել Սանտրին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ իտալական բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Թրիփոլիի մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Շքըր» մզկիթի բացման արարողութեան, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Թրիփոլին ներկայացնող նախարարներ եւ երեսփոխաններ:

ՎՍՏԱՀԵԼԻ աղբիւրներու համաձայն, ճամբաները փակելու եւ բանակին դէմ յարձակումներ գործելու որոշումը տրուած է Արսալի սալաֆական հոսանքին կողմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իրենց համար զարմանալի էր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ կառավարութեան մասին արտայայտած կեցուածքը: Ան աւելցուց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով իր դաշնակիցներուն հետ տարակարծութիւններ ունի:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

«ԱԽՊԱՐ Եաում» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ իրենք մտահոգութիւններ ունին, թէ լիբանանեան այն շրջանները, ուր սիւննի եւ շիի զանգուածներ կ՛ապրին, պայթումի ենթակայ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը պէտք է հանրապետութեան նախագահին դէմ արտայայտութիւններ ունեցող կողմերուն դէմ քայլերու դիմէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը միակ քաղաքական ուժն է, որ ընդդիմացած է խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման որոշումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի դէմ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն արշաւները մաս կը կազմեն պետութեան եւ «պետութեան մէջ պետութեան» միջեւ ստեղծուած տագնապին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի յատուկ աղբիւրներ յայտնած են, թէ կուսակցութեան  զինեալ թեւը կը գերազանցէ լիբանանեան բանակը` թիւի եւ զինուած ըլլալու իմաստով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարներուն յղուած ընդհանուր նամակը բողոքագիր մը չէ, այլ պարզապէս տեղեկագիր մը` Լիբանանի դէմ սուրիական ոտնձգութիւններուն մասին:

ՄԻՒՖԹԻ շէյխ Ահմետ Քապալան շեշտեց Լիբանանի մէջ համայնքային երկփեղկումներէ դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը որեւէ ատեն կրնայ կազմուիլ: Ըստ նոյն աղբիւրին, կառավարութիւնը պիտի որդեգրէ քաղաքականութիւն մը, որուն համաձայն, անոր մէջ ներկայ պիտի ըլլան լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի դէմ գործուող ցեխարձակումներու արշաւը` աւելցնելով, որ այդ քայլերը կը միտին անդամալուծել պետական հաստատութիւնները եւ երկիրը կը մղեն դէպի անիշխանութիւն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը սուրիացի գաղթականներուն պէտք է սննդեղէնի օժանդակութիւն տրամադրէ:

ԱԶԵԶԻ մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին հետեւող շէյխ Ապպաս Զղէյպ կոչ ուղղեց լուծելու առեւանգուածներուն հարցը` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին ձգձգումը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ:

Share this Article
CATEGORIES