«Պահիա Հարիրի Բանակին Հետ Ջանքեր Ի Գործ Դրած Է Շէյխ Ասիրին Նռնականետեր Եւ Գնդացիրներ Տրամադրելու Նպատակով» Հաստատեց Ուսամա Սաատ
Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ երէկ երեկոյեան «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երեսփոխան Պահիա Հարիրի բանակին հետ ջանքեր ի գործ դրած է շէյխ Ահմետ Ասիրին «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր եւ «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ տրամադրելու նպատակով:
Սաատ շեշտեց, որ Սայտա զգուշաւոր հանդարտութիւն կ՛ապրի, որովհետեւ տեղական եւ շրջանային կողմեր քաղաքին մէջ համայնքային ու յարանուանական սադրանքներ կը նախապատրաստեն` Սայտան պայթեցնելու նպատակով:
CATEGORIES Լիբանանեան

