Զօր. Աուն Քոնելլիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց տեղական զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Քոնելլի հանդիպումին ընթացքին վերահաստատած է ամերիկեան զօրակցութիւնը` Լիբանանի յայտարարած չէզոք կեցուածքին եւ կոչ ուղղած լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն անշեղ մնալու «Պաապտայի յայտարարութենէն»:
Քոնելլի մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Լիբանանի մէջ ընթացող համայնքային լարուածութենէն եւ բախումներէն, որոնք կը սպառնան երկրին ապահովական կայունութեան:
Քոնելլի շեշտած է բոլորին կողմէ ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու կայունութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:
Քոնելլի ընդգծած է, որ Ուաշինկթըն կը վերահաստատէ ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանանի մը նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

