Քաղաքացիական Հասարակութիւնը Յառաջիկայ Ուրբաթ Օր Դարձեալ Ցոյց Մը Կը Կատարէ Ռիատ Սոլհ Հրապարակին Վրայ

Քաղաքացիական հասարակութեան անդամները, որոնք կը մերժեն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, երէկ յայտարարեցին, որ հինգշաբթի երեկոյեան իրենց սկսած բաց նստացոյցը վերջ կը գտնէ, պայմանաւ որ անոնք ուրբաթ, 28 յունիսին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարեն Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ:

Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները յայտնեցին, որ իրենք 48 ժամուան ընթացքին պիտի հեռանան այդ հրապարակէն` հաստատելով, որ խորհրդարանի անդամները ընթացաւարտ երեսփոխաններ կը նկատուին:

Նշենք, որ նախքան ցոյցին աւարտը, Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ գտնուող Քաղաքացիական հասարակութեան անդամները փորձեցին խզել դէպի խորհրդարան տանող մուտքերուն վրայ զետեղուած փշաթելերը:

Share this Article
CATEGORIES