Սահմանադրական Խորհուրդի Չորրորդ Եւ Վերջին Նիստը Նման Էր Նախորդներուն
Սահմանադրական խորհուրդը երէկ չորրորդ եւ վերջին անգամ ըլլալով չկրցաւ գումարել իր նիստը, խորհուրդին անդամ 3 դատաւորներու երկու շիի` Մոհամետ Պասսամ Մուրթատայի եւ Ահմետ Թաքիէտտինի եւ մէկ տիւրզի` Սուհէյլ Ապտել Սամատի բացակայութեան պատճառով:
Սահմանադրական խորհուրդի անդամ, դատաւոր Անթուան Խէյր յայտնեց, որ խորհուրդը այլեւս նիստ մը պիտի չգումարէ:
Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման խորհուրդին նիստերուն մասին տեղեկագիր մը յղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի:
Ըստ տեղեկագիրին, նկատի ունենալով, որ Սահմանադրական խորհուրդը օրինաւոր ոչ մէկ նիստ գումարած է, հետեւաբար կարելի չէ եղած ոչ մէկ որոշում տալ` խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգող որոշումը վիճարկելու գծով:
Այսպիսով, խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը գործադրութեան կը դրուի:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ուղղուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոն` ստանձնելու համար տեղեկագիրը:
Մեկնումի պահուն Քանաան հեգնանքով շնորհաւորեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգողները` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է բարեկարգումի ենթարկել նաեւ Սահմանադրական խորհուրդին կանոնները:
Նշենք, որ Քաղաքացիական հասարակութեան անդամներ ուղղուեցան Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնը եւ զայն հարուածեցին լոլիկներով` ընդգծելով, որ այդ խորհուրդը նաեւ ապօրինի դարձած է:

