«Յարգանքով Կ՛ընդունիմ Սահմանադրական Խորհուրդին Տեղեկագիրը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, ստանձնելէ ետք Սահմանադրական խորհուրդին տեղեկագիրը, յայտնեց, որ ինք կը յարգէ սահմանադրական գերագոյն խորհուրդէն բխած այդ տեղեկագիրը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց իր պաշտօնավարութեան երկարաձգուած շրջանին սկսած խորհրդարանին անմիջապէս աշխատանքի լծուելու եւ ընտրական նոր օրինագիծ մը մշակելու, որպէսզի կարելի ըլլայ քանի մը ամիսէն երեսփոխանական ընտրութիւնները յաջողցնել:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ այս նպատակով ինք վարչապետին հետ պիտի խորհրդակցի` խորհրդարանին արտակարգ նստաշրջանի մը բացումը կատարելու առումով:
CATEGORIES Լիբանանեան

