Պալլունէի Մարտկոցներէն «Կրատ» Տիպի Հրթիռներ` Դէպի …
Նախանցեալ ուշ երեկոյեան շուրջ ժամը 1:00-ին Քեսրուանի մէջ լսուեցաւ պայթումի ձայն մը, որ Արայայի բնակչութեան համար նախ ներկայացաւ իբրեւ Ժիէն Պսալիմի կապող ելեկտրական հոսանքի բարձր լարման մալուխի վնասուած ըլլալու իրողութիւն:
Սակայն աւելի ուշ ականատեսներ յայտնեցին, որ իրենք տեսած են հրթիռ մը, որ թիրախ դարձուցած է Քահհալէի ելեկտրական հոսանքի բարձր լարման մալուխ մը եւ պատճառ դարձած ամբողջ շրջանէն ելեկտրականութեան ընդհատումին:
Մեկնելով ականատեսներուն վկայութիւններէն` ապահովութեան ուժերը բացին հետաքննութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ անոնք Պալլունէ շրջանին մէջ բացայայտեցին երկու մարտկոցներ, որոնցմէ մէկէն արձակուած «Կրատ» տիպի հրթիռը թիրախ դարձուցած էր Արայայէն անդին ելեկտրական հոսանքի բարձր լարման մալուխը, իսկ երկրորդ հրթիռը թեքնիք խանգարումի պատճառով կարելի չէր եղած արձակել:
Լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Քեսրուանի Պալլունէ շրջանին մէջ բացայայտուած են հրթիռներ արձակելու երկու մարտկոցներ, որոնք լարուած են, եւ անոնցմէ մէկը երէկ գիշեր գործածուած է ու արձակած հրթիռ մը, որ ինկած է Ժումհուրի եւ Պսուսի միջեւ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի սակրաւորներէն մէկը ուղղուած է Պալլունէ եւ վնասազերծած լարուած երկրորդ հրթիռը:
Նշենք, որ դատական իշխանութիւնները իրենց կարգին այցելեցին Պալլունէ եւ հետաքննութիւն բացին այդ մասին` բացայայտելու համար յանցագործներուն ինքնութիւնը եւ ձերբակալելու զանոնք:
Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ժիէ-Պսալիմ ելեկտրական հոսանքի բարձր լարման մալուխ մը ինկած է Մոնթէ Վերտիի հովիտին մէջ` բախելէ ետք մետաղեայ մարմինի մը:
Զինուորական աղբիւրներու համաձայն, արձակուած այդ հրթիռին թիրախը նկատուեցան երեք հաւանական շրջաններ, որոնք են` նախագահական պալատը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ Հարաւային արուարձանները:
«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այդ միջադէպին գծով ձերբակալուած են երեք յանցագործներ, որոնցմէ երկուքը սուրիացիներ են:
Զօր. Քահուաժի Կոչ Կ՛ուղղէ
Զօրակցելու Բանակին
Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի զգուշացուց համայնքային ու յարանուանական սադրանքներն ու գրգռութիւնները զանազան շրջաններու մէջ տարածելէ, երկիրը միջազգային եւ շրջանային տագնապներու մարտադաշտի վերածելու նպատակով:
Տիւրզի համայնքի կրօնաւորներու ընդարձակ պատուիրակութեան մը հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Լիբանանը իր արդի պատմութեան ամէնէն դժուար եւ վտանգաւոր հանգրուաններէն մէկը կը դիմագրաւէ` ընդգծելով, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ ազգային միասնականութեան խզումին վտանգը:
Ան հաստատեց, որ Լիբանան այդ վտանգը կրնայ յաղթահարել բոլորին գիտակցութեամբ եւ քաղաքական համախոհութեամբ, ինչպէս նաեւ լրատուամիջոցներուն օժանդակութեամբ, որոնք Լիբանանը կրնան փրկել անորոշութենէն:
Զօր. Քահուաժի կոչ ուղղեց քաղաքական, հոգեւոր եւ դատական հեղինակութիւններուն` գործով փաստելու իրենց յանձնառութիւնը Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է միասնականութիւն ցուցաբերել բանակին նեցուկ կանգնելու իմաստով եւ ոչ թէ ամէնօրեայ դրութեամբ զայն թիրախ դարձնել:
«Բանակը պատասխանատու չէ համայնքային գրգռութիւններուն եւ քաղաքական տեղական ու շրջանային տագնապին, որուն նպատակն է պատերազմ բռնկեցնել», ըսաւ զօր. Քահուաժի:
Հաղորդագրութիւն
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութեան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղուեցաւ քաղաքացիներուն հանդարտեցնելու կացութիւնը եւ ինքնազսպումի ենթարկուելու, ինչպէս նաեւ չտարուելու ամբաստանութիւններով եւ ծայրայեղութեամբ:
Բանակը խիստ կերպով պիտի հակադարձէ օրինազանցներուն եւ բանակին դէմ յարձակող կողմերուն` իր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցներով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն, զինեալներ Մաժտալ Այնճարի, Մասնաայի եւ Արապ Ֆաուրի բանակի կեդրոններուն դէմ կրակ բացած են, ինչ որ մղած է զինուորներուն հակադարձելու եւ ձերբակալելու 12 կասկածելիներ:
Իսկ Սայտայի մէջ բանակը ձերբակալած է մեծ թիւով զինեալներ եւ գրաւած անոնց մօտ գտնուող գնդացիրներն ու զինամթերքը:
Պիր Ապըտի Մէջ Ապահովական
Միջադէպ
Պիր Ապըտի մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին արձանագրուեցաւ անձնական խնդիր մը, որ վերածուեցաւ զինեալ բախումի, որուն պատճառով սպաննուեցաւ Հասան Աշհապ, ինչպէս նաեւ ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ Լասայի քաղաքապետ Իսամ Մըքտատի կրտսեր եղբայրը:
Երկու ընտանիքներուն միջեւ Մուշարրաֆիէի քառուղիին մօտ արձանագրուած այս զինեալ բախումը Հարաւային արուարձաններուն մէջ լարուածութիւն յառաջացուց:
Զինեալ բախումներուն յաջորդեցին կրակոցներ եւ աւելի ուշ հրկիզուեցաւ բնակարան մը, որ կը պատկանէր զէնք բարձրացնող քաղաքացիին, որ ծանօթ է «գաճաճ» ածականով:
Բանակը անմիջապէս փութաց Պիր Ապըտ եւ ներխուժումներ կատարեց այն բնակարանները, որոնք մասնակցած էին զինեալ բախումին եւ կրակ բացած էին Հարաւային արուարձաններուն մէջ:

