Նալբանդեան Ստանձնեց Իրաքի Նոր Դեսպանին Հաւատարմագիրները

20 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Իրաքի նոր նշանակուած դեսպան Ղազի Տահեր Խալետը` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով:

Շնորհաւորելով դեսպանը անոր նշանակումին առիթով Էդուարդ Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ դեսպանը իր գործունէութեամբ նպաստէ Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական եւ աւանդական, բարեկամական յարաբերութիւններուն առաւել ամրապնդման: Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ տեղի ունեցած բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները եւ մէկզմէկու մայրաքաղաքներուն մէջ դեսպանութիւններու վերաբացումը նոր լիցք հաղորդած են հայ-իրաքեան յարաբերութիւններուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` դեսպան Խալետ վստահեցուց, որ առաւելագոյն ջանքերը պիտի գործադրէ տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի համագործակցութիւնը զարգացնելու համար: Ան աւելցուց, որ Իրաք կարեւոր կը նկատէ բարեկամ Հայաստանի հետ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնումը եւ խորացումը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց իրաքահայ համայնքի ներդրումը երկրի զարգացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, Իրաքի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն:

Share this Article
CATEGORIES