Օրը-Օրին. Դժուար Է Հաւատալ

ԱԲՕ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի անցեալ շաբաթ Ֆրանսա կատարած այցելութեան ընթացքին «Ֆրանս 24» կայանին հետ անոր ունեցած հարցազրոյցին տեղեկագրութիւնը հրատարակեց «Ասպարէզ»-ը: Կը թուի, որ մեր օգտագործած աղբիւրը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար, չէր անդրադարձած նախարարին կողմէ արտասանուած անընդունելի մէկ արտայայտութեան, ուր ան պատասխանելով լրագրողի մէկ հարցումին, թէ` «Հնարաւոր կրնա՞յ ըլլալ ապագային, որ Լեռնային Ղարաբաղը վերստին մաս կազմէ Ազրպէյճանին», ըսած է. «Կան որոշ հեռանկարներ, կան որոշ յոյսեր»: Այս պատասխանը միանշանակօրէն դաւաճանական է ու բնականաբար, այդ բառերը արտասանող Արցախի ներկայացուցիչը պէտք է անմիջապէս պաշտօնազրկուի:

Աւելի՛ն. նախարարին կողմէ Արցախի ազատագրուած տարածքները որպէս «պուֆերային գօտի» (այսինքն` պաշտպանութեան նպատակով ձեռք բերուած եւ հետեւաբար` սակարկելի, բանակցելի) բնութագրումը պիտի հաստատէր այդ դաւաճանական միտումը` բոլոր ակնկալուած հակազդեցութիւններուն արժանացնելով խնդրոյ առարկան:

Միրզոյեան քանի մը ամիսէ ի վեր կը վարէ Արցախի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի իր պաշտօնը: Անոր դիւանագիտական կարողութիւններուն մասին մեծ համարում ունէր նախագահ Բակօ Սահակեան, որ անոր վրայ դրած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքը նոր որակի բարձրացնելու յոյսը:

Միրզոյեանի այս զգայացունց խօսքերուն, զարմանալիօրէն, միայն հակազդած են Հայաստանի արմատական ազգայնականները, որոնք անոր հասցէին ուղղած են ամէնէն նախատական արտայայտութիւնները: Քաղաքական մնացեալ շրջանակներու, ներառեալ` իշխանական օղակներու լռութիւնը կրնայ մեկնաբանուիլ անով, որ Միրզոյեան պարզապէս թիւրիմացաբար այդպէս բանաձեւած է իր պատասխանները: Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեանի անդրադարձը, այս ուղղութեամբ, այդ հարթութեան վրայ կ՛ընդունի Միրզոյեանի խօսքերը:

Միրզոյեանը ինք, անմիջապէս, «Մետիամաքս»-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ փորձած է սրբագրել վիճակը` վերահաստատելով հայկական կողմին պաշտօնական դիրքորոշումը` տրուած հարցերուն կապակցութեամբ:

Ուրեմն. նոյնիսկ եթէ թիւրիմացութեան վերագրենք եղածը, Միրզոյեան որեւէ ձեւով պիտի յանդիմանուի՞, որեւէ կարգապահական քայլ մը պիտի առնուի՞ անոր նկատմամբ: Միրզոյեան սկսած է առաւել աշխուժացնելու Արցախի արտաքին քաղաքական գործունէութիւնը, ինչ որ շատ գովելի է: Սակայն, աշխուժ դիւանագիտական աշխատանքը կարելի չէ փութկոտ եւ անպատասխանատու, դաւաճանութեան համազօր բանաձեւումներով յառաջ տանիլ:

Եզրակացնելու համար, մենք չենք ուզեր եւ չենք կրնար հաւատալ, որ Արցախի հարցին գծով Ստեփանակերտը եւ Երեւանը փոխած են իրենց դիրքորոշումը կամ քաղաքականութիւնը: Չենք ուզեր հաւատալ, որ Ստեփանակերտը եւ Երեւանը, Միրզոյեանին այդպիսի սպրդումներ յանձնարարելով` մեզ կամաց-կամաց «խաղաղութեան» է որ կը պատրաստեն, ինչ որ Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը ստանձնած երկիրներու նախագահներուն ցանկութիւնն է:

Դժուար է հաւատալ ու չե՛նք հաւատար:

asbarez.com
20 յունիս 2013

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )