ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՐԵԳ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍԸ

Շաբաթ, 21 մայիս 2011, Համազգայինի «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ կայացաւ «Արեգ» թատերական դպրոցի շրջանաւարտներուն հանդէսը:

Ներկայ էին կեդրոնի տնօրէնութիւնը, խնամակալ մարմինի անդամներ, ծնողներ, հայրենի հիւրեր, «Արեգ»ի աշակերտներ եւ դերասաններ:

Դպրոցի գեղարուեստական ղեկավար, բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան ամփոփ ձեւով ներկայացուց շրջանաւարտներու երկամեայ գործունէութիւնը. «Երկու տարուան ընթացքին «Արեգ»ի շրջանաւարտները ամբողջացուցին յատուկ իրենց համար պատրաստուած դասագիրքերը` միշտ ունենալով իւրաքանչիւր դասին համապատասխան գործնական աշխատանքներ»:

Բեմական խօսք, դերասանի վարպետութիւն, բեմական շարժում` ահա այն հիմնական նիւթերը, որոնց շուրջ կ՛ընթանան «Արեգ»ի դասընթացքները:

Երկու տարուան ընթացքին աշակերտները ծանօթացան նիւթի ընտրութեան, դերաբաշխման, բեմայարդարման, լուսաւորման, հնչիւնական ձեւաւորման, դիմայարդարման, տարազներու ընտրութեան աշխատանքներուն, ներկայացման ստեղծման հանգրուաններուն, թատրոնի տեսակներուն, թատերական արուեստին առնչուող բազմաթիւ այլ երեւոյթներու:

Որպէս գործնական աշխատանք` անոնք ներկայ գտնուեցան Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի «Ճամբուն վրայ» ներկայացման փորձերուն:

«Արեգ»ի երեւելի հիւրերու շարքին անջնջելի հետք ձգած է Համազգայինի Հայաստանի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի դերասանները:

Բեմական մարտ, երեւակայութիւն ու դիմախաղի մարզում, գեղագիտական ճաշակի զարգացում, ելոյթներ հանրութեան առջեւ:

«Արեգ»ի շրջանաւարտները 2010 մարտին «Լ. Շանթ» կեդրոնի «Արմէնեան», ապա ազգային «Ս. Յակոբեան» վարժարանի սրահներուն մէջ 6 անգամ ներկայացուցին «Երեք խոզուկներ» թատերախաղը` ունենալով շուրջ 1400 հանդիսատես:

2010-ի դեկտեմբերին Պէյրութի «Յովհաննէս Պօղոսեան», ապա Այնճարի «Կիւլպենկեան» սրահներուն մէջ «Արեգ» թատերախումբին «Արայիկին արկածները» ներկայացման մէջ անոնք հանդէս եկան որպէս ծիածանի ձայներ:

Վերջերս, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին կազմակերպած մանկական գիրքի ցուցահանդէսին բացման առիթով անոնք հանդէս եկան Յովհաննէս Թումանեանի ստեղծագործութիւններով:

«Մեզի համար կարեւոր խնդիր է այս բոլորին հետ պահպանել ու զարգացնել աշակերտներուն անհատականութիւնը», իր խօսքը ամփոփեց բեմադրիչ Ռ. Առաքելեան, ապա նշեց, որ` «անոնք այսօրուընէ կ՛անցնին «Արեգ» թատերախումբ, որ ըստ էութեան պիտի շարունակուի դպրոցը` առաւելաբար գործնական աշխատանքներով: Անոնք հանդէս պիտի գան տարին մէկ ներկայացմամբ»:

Իր խօսքի վերջաւորութեան բեմադրիչը յաջողութիւն եւ կանաչ ճանապարհ մաղթեց շրջանաւարտներուն` պատգամելով երբեք չկորցնել աշխատասիրութիւնը, ճշդապահութիւնը, բծախնդրութիւնը, յարգանքն ու բարութիւնը մարդոց նկատմամբ:

Ապա շրջանաւարտները ներկայացուցին Յ. Թումանեանի «Կիկոսի մահը», «Չարի վերջը», «Փիսոն», «Հաֆոն», «Լուսաբացին» ստեղծագործութիւնները, հանդէս եկան բեմական մարտի, աճպարարութեան տեսարաններով, ներկայացուցին «Սափրիչը» զաւեշտը եւ «Չար արձանը» մնջախաղը:

Հանդէսը տեւեց մէկ ժամ, ապա կեդրոնի տնօրէն Կարպիս Գապասաքալեանը ժխտեց այն տեսակէտը, թէ վերջին շրջանին մեր արժէքները նահանջ արձանագրած են, գնահատեց ծնողներու գործակցութիւնը եւ այդ գործակցութեան արդիւնքին մէջ տեսաւ օրուան արդիւնքը:

Տնօրէնը խնամակալութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բեմադրիչ Ռ. Առաքելեանին, ապա բեմ հրաւիրեց խնամակալութեան անդամներ Վաչէ Թազեանը եւ Նորա Գարակէօզեանը` բեմադրիչին հետ յանձնելու շրջանաւարտներու հաստատագիրները, որոնք կ՛արտօնեն անոնց անդամագրուելու «Արեգ» թատերախումբին:

Share this Article
CATEGORIES