72 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ԻՐ 72-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԸ

Երկուշաբթի, 16 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէնութիւնը, տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը, աւարտական դասարաններու աշակերտութիւնը, ծնողներն ու բարեկամները, ինչպէս նաեւ օրուան հիւրերը հաւաքուած էին վարժարանի շրջափակին մէջ` մասնակցելու վկայականաց բաշխման աւարտական հանդիսաւոր արարողութեան:

Հանդիսաւոր այս երեկոն բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգներու հնչիւններուն ներքոյ, որմէ ետք մեկնարկեց օրուան յայտագիրը` վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի խօսքով: Տնօրէնը նշեց, որ` «72 տարիներ սերունդներ դաստիարակող կրթական այս հաստատութիւնը այսօր կու տայ իր 72-րդ հունձքը»: Ան հաւաստեց, որ ասիկա է կրթական հաստատութեան կրթական առաքելութեան մէջ յաջողութեան ամենախօսուն ապացոյցը եւ հաւատք յայտնեց, որ սփիւռքի մէջ հայութեան գոյատեւումը եւ զարգացումը, եկեղեցւոյ կողքին, կը պայմանաւորուի հայ վարժարանի կայունութեամբ: Ա՛յն վարժարանի, որուն գլխաւոր դերը ազգապահպանումն է: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ նաեւ վստահեցուց, որ այդ վարժարանը` «պիտի հասցնենք այն մակարդակին, ինչպիսին ոեւէ հայ մարդ պիտի փափաքէր տեսնել եւ ունենալ, այսինքն` միջազգային չափանիշներով նախանձելի կրթական համալիրի մը»:

Օրուան ընթացքին հնչեցին շրջանաւարտներու խօսքեր` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, ինչպէս նաեւ աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը:

Օրուան պատգամաբերն էր «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն Շահան Գանտահարեան, որ իր պատգամին մէջ նշեց, թէ հայկական վարժարանի շրջանաւարտը ունի իր առաւելութիւնները` «հայեցի դաստիարակութիւն, լիբանանեան հասարակութեան հետ լիարժէք համարկում, հայկականին եւ լիբանանեանին միջեւ գեղեցիկ հաւասարակշռութեան պահպանում, գիտելիքներու իւրացում եւ մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներու կերտում», որոնք բոլորն ալ տուած է կրթական այս հաստատութիւնը:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վարժարանի վահանի հանդիսաւոր փոխանցման արարողութիւնը յաջորդող աւարտական դասարանին, ինչպէս նաեւ` աւարտականներու պատրաստած Տի.Վի.Տի.ի ցուցադրութիւն:

Իսկ հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կատարեցին Վարդան եպս. Աշգարեան, վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ եւ օրուան պատգամաբեր Շահան Գանտահարեան:

Աւարտական կարկանդակի հատումէն եւ ուրախ հրավառութենէն ետք շրջանաւարտները ընդունեցին սրտաբուխ շնորհաւորանքները:

Share this Article
CATEGORIES