ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ԲՆԱԳԱՒԱՌՆԵՐՈՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԵՒ ՏՊԱՒՈՐԻՉ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը տարբեր «տարազ» հագած էր այդ օրը` ուրբաթ, 20 մայիս 2011-ին, որովհետեւ հայ մշակութային բազմազան բնագաւառները իրենց տարբեր դրսեւորումներով ներկայ էին դպրոցին մէջ:  Արդարեւ, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս դպրոցին տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը միասնաբար այդ օրը նուիրած էին հայ մշակոյթին, եւ այդ օրուան յաջողութեան համար աշխատած էին բոլորը միասին, հաւաքաբար եւ համահունչ կերպով: Պաշտամունքին ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան:

Առաւօտեան 7-12-րդ դասարանի աշակերտները հետաքրքրութեամբ հետեւեցան իրենց բարձրագոյն դասարանի դասընկերներուն կողմէ տեսաերիզի ցուցադրութեամբ կամ նկարներու ներկայացումով պատրաստուած հետեւեալ ուսումնասիրութիւնները. Տիգրան Վարդան խօսեցաւ Կոմիտասի մասին, Աստղիկ Մելիքեան` խաչքարի, Աւօ Մեթլեան` Արշիլ Կորքիի, Արմէն Պագգալեան` հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական տօներու ազգային արմատները, Սերօ Քելուկեան` Արա Գէորգեանի, իսկ Հրակ Աւետանեան` հայ մշակութային եղեռնին մասին:

Ապա հայ մշակութային գանձերուն վերաբերող այս ներկայացումներուն համադրումը կատարեց եւ մշակոյթ, յատկապէս հայ մշակոյթ հասկացողութեան, արժէքին ու ընկալումին մասին խօսեցաւ արուեստագէտ Լիզա Թիւթիւնճեան: Ան հաստատեց, որ տարբեր ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս նաեւ իրավիճակներ փաստած են, որ հայը մշակութասէր եւ մշակութային արժէքներու ընկալումի կատարելու ատակ ազգ է, ուստի կոչ ուղղեց աշակերտներուն` արժեւորելու հայ մշակոյթը, հպարտանալու անով եւ պահպանելու զայն:

Մինչ այդ գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռային-տպագրական աշխատանք, զոր կատարեցին աշակերտները արուեստագէտ Անիթա Թութիկեանի գլխաւորութեամբ եւ ցուցմունքներով: Արուեստագէտը արդէն իսկ յօժարակամ կերպով պատրաստած էր Հայաստան գրութիւնն ու երեք նուռերով կազմուող եռագոյնը ներկայացնող կաղապար մը, որ թի-շըրթներու վրայ դնելով` աշակերտները կը ներկէին եւ գեղեցիկ ու յաւերժութիւնը խորհրդանշող պատկեր մը կը գծուէր:

Բնականաբար նախակրթարանի աշակերտները եւս իրենց բաժինը ունէին. անոնք հայ մշակութային նիւթով ռելլի-փէյփըր եւ զարգացման մրցում ունեցան` նոյն ատեն առիթ ունենալով հայ մշակոյթին առնչուող տեղեկութիւններ ունենալու խաղի ճամբով:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն կողմէ: Լոռի Պիլալեան նուագեց սրինգի վրայ, Աւօ Տաքեսեան` ջութակի, Զարեհ Քըրտեան` կիթառի, Սերօ Քելուկեան ու Սարին Էքմեքճեան, որոնք կաթողիկոսարանի «Խ. Պապիկեան» հիմնադրամի ասմունքի մրցանքի վերջին հանգրուան հասած են արդէն, ասմունքեցին, Ճորճիկ Սարգիսեան եւ Մինաս Մանուկեան երգեցին, նախակրթարանի աշակերտները նուագեցին: Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ, սակայն այս անգամ` հիւրաբար հրաւիրուած Իրմա Տէտէեանի եւ Մանուկ Մինասեանի կողմէ, որոնց կ՛ընկերակցէր Խաչիկ Մալխասեան:

Հայ մշակոյթի օրուան երկրորդ կէսը շարունակուեցաւ վարժարանի շրջափակին մէջ, ուր զետեղուած էր բեմ մը, որուն ետեւի պատին վրայ գրուած էր «Հայ մշակոյթով պահենք մեր ազգային ինքնութիւնը». հոն զետեղուած էին գծագրութիւնները` աշակերտուհի Մարիա Պագգալեանի, հայկական խաչքար, պար, Արցախ, եկեղեցի եւ այլն ներկայացնող:

Ռոպերթ Առաքելեանի բեմադրութեամբ աշակերտները ներկայացուցին թատրոն մը` «Պալլատ տան մասին» խորագիրով, որուն նիւթն էր հայը, անոր ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը, հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններու, հինին տեղը նորը շինելու տենչն ու վճռականութիւնը: Ապա դպրոցին պարախումբը միացաւ յայտագիրին եւ ներկայացուց ճոխ պարեր:

Մշակոյթի օրուան վերջին բաժինով Գարմեն Աճեմեան հանդէս եկաւ քանի մը հայկական երգերով, ապա մթնոլորտը խանդավառեցին Շաքէ Պաղտասարեան եւ Հրաչ Կայծակեան, որոնց ընկերակցեցաւ Սեդօ Պաղտասարեան: Անոնք հայկական ճոխ երգերով, պարեղանակներով մղեցին աշակերտներն ու ուսուցիչները միասնաբար պարելու` ուրախութիւնը հասցնելով իր գագաթնակէտին:

Մանկապարտէզի աշակերտները եւս այս իւրայատուկ օրէն անմասն չմնացին. անոնք ներկեցին թի-շըրթներ, որոնց վրայ գրուած էր` «Ես անուշիկ հայ աղջիկ/տղայ եմ»:

Հետաքրքրական ու տպաւորիչ էր պատկերը… Ամբողջ աշակերտութիւնը տարբեր ձեւերով եռագոյնը կրող թի-շըրթներ հագած, ձեռք ձեռքի տուած` հայ երգի ու երաժշտութեան կշռոյթներով հայկական պար բռնած էր… Ուրախ էին բոլորը, անոնք անգամ մը եւս կրցան ամբողջ օր մը ապրիլ հայ մշակոյթով, հայկական արժէքներով, պանծացնել զանոնք եւ խոստանալ զանոնք պահպանելու ուղղութեամբ մնայուն աշխատանք տանիլ:

 

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ

Ստորեւ կը հրատարակենք Հայ մշակոյթի օրուան առիթով Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին ուղղուած շնորհաւորագիրը` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմէ:

Յարգելի տիկին Տեյիրմենճեան, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ,
Ընդունէ՛ք մեր ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները Հայ աւետարանական կենտրոնական բարձրագոյն վարժարանի հիմնադրման 89-ամեակի առթիւ:
Վարժարանը Լիբանանում բացուած առաջին հայկական կրթօճախներից է, որը տարիներ ի վեր հաւատարիմ է մնացել բարձրորակ կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան ուղուն` ոսկեղենիկ լեզուի, պատմութեան եւ հաւատքի միջոցով նոր սերնդի մէջ պահելով սիրոյ եւ նուիրումի զգացումը հայրենիքի հանդէպ: Եւ իր հիմնադրման տօնակատարութեան կապակցութեամբ վարժարանի կողմից անցկացուող Հայ մշակոյթի օրը նոյնպէս ապագային միտուած խորագոյն խորհուրդ ունեցող միջոցառումն է:
Ողջունում ենք «Հայ մշակոյթի օր»  ձեռնարկը, մաղթում յաջողութիւններ ու նորանոր նուաճումներ կրթութեան անդաստաններում:
Յարգանքով`
ԱՐՄԷՆ ԱՇՈՏԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES