Իշխանեան Կը Մեկնաբանէ Միրզոյեանի Հարցազրոյցը

Դաւիթ Իշխանեան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցը լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած է ՀՅԴ Արցախի կառոյցին մէջ: Այս գծով Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսաւ, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին լրատուամիջոցներուն մէջ ծաւալած քննարկումները եւ ահազանգերը ունէին իրենց հիմնաւորումներն ու բացատրութիւնները: Հակառակ անոր որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարի եւ անձամբ արտաքին գործոց նախարար Կ. Միրզոյեանի կողմէ տրուեցան որոշ մեկնաբանութիւններ, այսուհանդերձ բաւարար չափով չեն փարատած առկայ մտահոգութիւնները:

«Նախ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ «բաժնող գօտի» եզրին հարցազրոյցի ընթացքին ի սկզբանէ չտրուեցաւ համապատասխան եւ համարժէք հակադարձ: Խայծը կուլ տալով հանդերձ` արտաքին գործոց նախարարին կողմէ սայթաքումները իրարու յաջորդեցին: Չցանկանալով մեկնաբանել հարցազրոյցին բովանդակային մանրամասնութիւնները, նպատակայարմար կը գտնեմ ներկայացնել մեր տեսակէտները», կը նշէ Դաւիթ Իշխանեան` «Ապառաժ»-ի մէջ հրապարակուած իր մեկնաբանութեան մէջ:

Իշխանեան կը նշէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքները ոչ մէկուն համար շահարկման նիւթ կրնան ըլլալ: «Սահմանադրութեան համապատասխան դրոյթը հարցականի տակ դնելը մեր համոզումով քրէօրէն դատապարտելի է` անկախ անձէն եւ վարած պաշտօնէն: Մենք չենք մոռցած տարիներ առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի կողմէ «բռնագրաւուած տարածքներ» արտայայտութեան դէմ ծաւալած ալիքը եւ անոր կողմէ հրապարակային ներում հայցելը կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը կողմէ ազատագրուած տարածքները «բեռ» նկատելը եւ քաղաքական ուժերու ու հանրութեան հակադարձը: Մեր ժողովուրդի զգօնութիւնը փորձարկուած է տարբեր ձեւաչափերով ու տարբեր մակարդակներու վրայ: Վստահ եմ, որ այս անգամ եւս այդ զգօնութիւնը կասկածի տակ առնելու առիթ պիտի չտանք», ըսաւ Դ. Իշխանեան:

Դ. Իշխանեան իր մեկնաբանութեան մէջ նշեց, որ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի քննարկումներուն որդեգրուած էին համապատասխան քայլեր` այս հարցին առնչութեամբ: «Գաղտնիք չեմ բացայայտեր, որ եթէ արտաքին գործոց նախարարին եւ նախագահի մամլոյ քարտուղարին կողմէ կատարուած մեկնաբանութիւնները չըլլային, Ազգային ժողովի դաշնակցութեան խմբակցութիւնը ձեռնամուխ պիտի ըլլար Ազգային ժողովի արտակարգ նիստի գումարումի հոլովոյթի: Իսկ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի մակարդակով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին հետ պիտի քննարկուէր արտաքին գործոց նախարարի հետագայ պաշտօնավարման հարցը: Բայց ինչպէս կ՛ըսեն` «Ուրբաթը աւելի շուտ եկաւ, քան շաբաթը», նշեց Դ. Իշխանեան:

 

Share this Article
CATEGORIES