«Պէտք Է Վարչապետի Արտերկրային Գայթակղութեան Հարցով Ազգային Ժողովի Ժամանակաւոր Յանձնախումբ Ստեղծուի» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան համամիտ գտնուեցաւ այն տեսակէտին, որ Ազգային ժողովը կը զբաղի վարչապետին անուան հետ կապուող արտերկրային ընկերութեան գայթակղութեան պատմութեամբ, թէկուզ` ժամանակաւոր յանձնախումբ կը ստեղծէ եւ աւելի խորութեամբ գործը կ՛ուսումնասիրէ: Ան նշեց, որ այդ յանձնախումբի անհրաժեշտութիւնը կը բխի այն բանէն, որ ամբողջական վստահութիւն չկայ իրաւապահ մարմիններուն նկատմամբ:
«Մամլոյ մէջ, ի վերջոյ, հրապարակումներ կատարուած են, որ ժամանակին Աշոտ Սուքիասեան Հայաստանի մէջ եղած է եւ կրցած է երկրէն դուրս գալ, երբ ատոր իրաւունքը չէ ունեցած», ըսաւ Վարդանեան:
Արտերկրային գայթակղութեան պատմութեան հետ կապուած անուններու շրջանակը ինքնին հետաքրքրական է եւ, ըստ Վարդանեանի, խնդիրը նաեւ մեր ազգային պետական ապահովութեան մարզէն է, շատ լրջօրէն անով պէտք է զբաղիլ, հերքելիքը` հերքել, իրականութիւնը` հաստատել: Դաշնակցական պատգամաւորը չցանկաց ոեւէ մէկը մեղադրել կամ արդարացնել: Ան չբացառեց, որ տասնեակ ուժերու կամ անհատներու, կամ ալ ներքաղաքական զարգացումներու առումով կրնար այսպիսի գայթակղութեան հետաքրքրութիւն յառաջանալ:
«Գիտէ՞ք, հարցը որն է, օրինակ` եղած է պարագայ մը, երբ բարձրաստիճան պաշտօնեայի հետ կապուած հրապարակում եղած է, եւ փոխանակ այդ պաշտօնեան, անոր աշխատակազմը խնդիրով զբաղին, ամբողջ մէկ շաբաթ մտածած են եւ զբաղած, թէ արդեօ՞ք այդ հրապարակումը եղած է նախագահականի, նախագահի իմացութեամբ, թելադրանքով, թէ՞ ոչ», նշեց Վարդանեան:


