Հայաստան Ստանձնեց Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Նախագահութիւնը

Օտեսայի մէջ երէկ տեղի ունեցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան  կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց  նախարարներու խորհուրդի 28-րդ հանդիպումը, որուն ժամանակ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վեց ամիս ժամկէտով` մինչեւ 31 դեկտեմբեր ստանձնած է կազմակերպութեան նախագահութիւնը:

Նախարարական հանդիպման ընթացքին իր ելոյթին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարարը նշած է, որ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը կը թեւակոխէ իր գործունէութեան 22-րդ տարին`   տնտեսական համագործակցութեան նոր օրակարգով:

Նախարար Նալբանդեան արձանագրած է, որ Հայաստան գործուն քայլեր կ’իրականացնէ կազմակերպութեան նոր օրակարգը կեանքի կոչելու եւ շրջանին մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը խթանելու ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան  արդիւնաւէտութեան բարձրացման հարցին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը առանձնացուցած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ ընդունուած փաստաթուղթերու դրոյթներու պատշաճ կատարումը, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան աշխատանքային խումբերու օրակարգերու արդիականացման անհրաժեշտութիւնը:

Նախարարը կարեւոր նկատած է միջազգային կազմակերպութիւններու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան յարակից մարմիններու, դէտերու եւ բնագաւառային երկխօսութեան գործընկերներու հետ համագործակցութեան զարգացման, կազմակերպութեան քարտուղարութեան բարեփոխումներու եւ հաւասար ներկայացուածութեան սկզբունքի կիրառման անհրաժեշտութիւնը:

 

Հանդիպման իբրեւ արդիւնք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ ընդունուած են կազմակերպութեան գործունէութեան առնչուող շարք մը որոշումներ:

Ստանձնելով Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան նախագահութիւնը` նախարարը Նալբանդեան շեշտած է, որ Հայաստանը կարեւոր կը նկատէ  սեւծովեան շրջանին մէջ տնտեսական համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ յաւելեալ ջանքերու ներդրումը, կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ միջազգային բեմահարթակի վրայ անոր հեղինակութեան ամրապնդումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES