Ռուստամեան. «Ազրպէյճանին Ռուսական Զինուորական Արհեստագիտութեան Մատակարարումը Կը Մեծցնէ Պատերազմի Վերսկսման Սպառնալիքը»

ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` մեկնաբանելով լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառուող` Ազրպէյճանին ռուսական զինուորական արհեստագիտութիւն մատակարարելու մասին տեղեկութիւնները, յայտնեց, որ Հայաստան չի կրնար իր ռազմավարական գործընկերոջը թելադրել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարաբերութիւններ կառուցել երրորդ երկիրներու հետ, սակայն այն փաստը, որ Ազրպէյճանի մէջ կը բարձրանայ զինուորական պիւտճէն, չի կրնար չանհանգստացնել Հայաստանը:

Ռուստամեան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանին ռուսական զինուորական արհեստագիտութեան մատակարարումը կը բարձրացնէ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը: «Եթէ Հայաստան խաղաղութիւն կը ցանկայ, ապա պէտք է պատերազմի պատրաստուի: Այսպիսի հակառակորդ զսպելու այլ միջոց չկայ: Ազրպէյճան պէտք է իմանայ, որ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման պարագային մեծ կորուստ պիտի կրէ», ընդգծեց Ռուստամեան:

 

Share this Article
CATEGORIES