Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Երկար ատենէ ի վեր ձեր չտեսած մէկ բարեկամին պիտի հանդիպիք: Հաճելի զրոյց մը պիտի ունենաք միասնաբար, ապա պտոյտի մը պիտի երթաք լեռնային կամ ծովեզերեայ վայր մը:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք ձեր ինքնաշարժին վիճակը, որպէսզի անակնկալ գլխացաւ մը չպատճառէ ան: Զգուշ եղէք ամէն պարագայի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընդունեցէք առաջարկ մը, որ կը վերաբերի ձեր ասպարէզին: Այս առիթով կրնաք համաձայնութիւն մը ունենալ որոշ հարցի մը շուրջ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` առանց նոր ծրագիրներ մշակելու: Ձեր ունեցած աշխատանքը բաւարար նկատեցէք, մինչեւ որ աւարտէք ձեր պարտականութիւնը: Օրը կը պահանջէ հանդարտ տրամադրութիւն:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Որոշում մը տալէ առաջ լաւ մտածեցէք տուեալ հարցին շուրջ: Եթէ նիւթական համաձայնութեան մը կը վերաբերի, եղէք ուշադիր հաշիւի մէջ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յոգնութիւն մը ձեր ուսերէն պիտի նետէք` շնորհիւ ձեր գործնական մէկ որոշումին: Միշտ նկատի առէք առաջնահերթ գործերը, յետաձգեցէք քիչ կարեւորը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միջամուխ մի՛ ըլլաք ոեւէ մէկուն կատարելիք պարտականութեան: Խրատ տալը մէկ կողմ ձգեցէք, կատարեցէք միայն ձեզի վերաբերող աշխատանքը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընթրիքի հրաւէր մը կրնաք ունենալ, առանց այլեւայլի ներկայ եղէք: Կարելիութիւն պիտի ունենաք նոր բարեկամութիւն հաստատելու օգտաշատ իմաստով, գործնական տրամադրութեամբ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ վիճաբանող անձերու ներկայութեան գտնուիք, հեռու մնացէք տեսակէտ արտայայտելէ, որպէսզի կողմնակալ չնկատուիք: Կասկածի տեղի մի տաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նուէր մը կրնաք ստանալ բարեկամէ մը, յատուկ առիթով մը, զոր չէիք սպասեր: Այս անակնկալը նոր էջ մը պիտի բանայ ձեր կեանքին բարօրութեան:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութեան մէջ զբօսնելու առիթ մը պիտի տրուի ձեզի` գարնանային այս եղանակը ըմբոշխնելու: Միացէք անծանօթ ուղեկիցներու: Գոհ կը մնաք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
«Հազար չափէ` մէկ կտրէ» կ՛ըսէ իմաստութիւնը: Նոյնպէս` լուռ մնացէք, երբ ձեր գործատեղիին մէջ կնճռոտ հարցի մը քննարկումը կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES