50 Տարի Առաջ (24 Յունիս 1963)

Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի
Հիմնարկէքի Արարողութիւնը
Կատարուեցաւ Խանդավառ Մթնոլորտի Մէջ 

Հայ կրթական հիմնարկութեան Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի հիմնարկէքի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիս 1963, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Ժամը ճիշդ 5:00-ին վեհը միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ հասաւ Պուրճ Համուտ եւ խանդավառ ծափերու մէջ առաջնորդուեցաւ Ժողովրդային տան դաշտը, որուն կողքի ընդարձակ հողամասի վրայ պիտի կառուցուի քոլեճը:

Ներկայ էին` քահանայ հայրեր, պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Վարդգէս Շամլեան, ամերիկահայ հիւրեր` Սուրէն Սարոյեան իր կնոջ հետ եւ Էլեն Նշիկեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Ազգային իշխանութեանց, շրջանի թաղականութեանց, հոգաբարձութեանց եւ կազմակերպութեանց անդամներ, երեւելի անձնաւորութիւններ, տնօրէններ, ուսուցիչներ եւ բազմաթիւ պուրճհամուտցի հայեր:

Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական նուագախումբը, սկաուտներ եւ արենուշներ իրենց մասնակցութեամբ առաւել փայլ մը տուին: Քաղաքապետութեան ոստիկաններ կը հսկէին կարգապահութեան:

Հիմնաքարը արարողութիւններէն ետք վեհը ընդհանուր ծափերու մէջ զետեղեց առաջին հիմնաքարը: Այնուհետեւ, բարձրախօսի առջեւ խօսեցաւ ազգայնաշունչ ճառ մը եւ օրհնեց յիշատակը հանգուցեալ Լեւոն Յակոբեանի: Օրհնեց մեծ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանը, Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, Ազգային իշխանութիւնները, Պուրճ Համուտի երիտասարդ քաղաքապետը, որուն ամբողջանուէր աշխատանքներով, ըսաւ վեհը, շուտով պիտի բարգաւաճի հայաշատ այս կեդրոնը: Օրհնեց Պուրճ Համուտի ազգային բոլոր կազմակերպութիւններն ու ժողովուրդը:

Գառնիկ Բանեան Քաղաքական ժողովին կողմէ գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց` շեշտը դնելով այն բարերար դերին, որ պիտի ունենայ կառուցուելիք քոլեճը:

Քաղաքապետ Յակոբ Աշճեան անհանգստութեան պատճառով ներկայ չկրցաւ գտնուիլ: Զայն փոխարինելով` Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Ուրֆալեան սրտաբուխ պերճախօսութեամբ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, ազգային մարմիններու, կազմակերպութեանց եւ ժողովուրդին անունով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհին, բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանին, Ամերիկայի Հայ կրթական հիմնարկութեան եւ Ազգային իշխանութեանց: Ըսաւ նաեւ, թէ ինչ որ կու տաք Պուրճ Համուտին, պիտի ստանաք աւելիով:

Այնուհետեւ, վեհը Ամերիկայէն ստացուած հեռագիր մը կարդաց` ստորագրուած Սոֆիա Յակոբեանէ եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան անդամներ Ժոզեֆ Փիրումեանէ եւ Հերրի Քարեանէ, որոնք կը յայտնէին իրենց խնդակցութիւնը հիմնարկէքի արարողութեան առիթով եւ կը խոստանային իրենց օժանդակութիւնը` ամբողջական նուիրումով:

Հիմնարկէքի արարողութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանիչ»-ով, ընդհանուր ծափերու եւ ժողովրդային խանդավառ  մթնոլորտի մէջ:

 

Տոմսեր

Միշտ Յոյս Մը Կայ
Ամէնէն Անյոյս Ժողովին Մէջ…

Նախագահ Քենետի յայտարարեց, թէ հիւլէական փորձերու արգելքի մասին դաշինք մը ստորագրելու համար բանակցութիւններ պիտի վերսկսին, այս անգամ` Մոսկուայի մէջ, յառաջիկայ յուլիսին: Պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ եւ Խորհրդային Միութեան ներկայացուցիչները:

Այս բանակցութիւնները… հինգ տարիէ ի վեր կը շարունակուին պարբերական ընդհատումներով, երբ ներկայացուցիչները քիչ մը շունչ կ՛առնեն, եւ… հիւլէական պայթումի նոր փորձեր կը կատարուին:

Իւրաքանչիւր նոր փորձէ ետք գիտնականներ եւ խաղաղասէրներ դառնօրէն կը պնդեն, թէ մթնոլորտը դարձեալ թունաւորուած է (ե՞րբ չէ թունաւորուած…), փիլիսոփաներ կը բողոքեն, մայրեր ցոյցեր կը կատարեն, ու ահա… Մոսկուայէն ձայն մը:

– Պատրա՜ստ ենք հիւլէական զինաթափութեան շուրջ նոր ժողովի մը համար, եթէ… Ամերիկա պատրաստ է նստելու բանակցութեանց սեղանին շուրջ:

Ամերիկա մի՛շտ պատրաստ է ժողովի նստելու, եւ… պայուսակները կը պատրաստուին` Ժընեւի օդանաւին համար:

Ամերիկացի, անգլիացի եւ խորհրդային ներկայացուցիչներ չեն ձանձրացած Ժընեւի այս յաւիտենական ժողովներէն: Ձանձրացած են սակայն… Ժընեւի պանդոկատէրերը, որոնք անցեալ տարի յայտարարեցին այդ ներկայացուցիչներուն.

– Աստուծո՛յ սիրոյն, ալ մի՛ հաւաքուիք մեր քաղաքին մէջ,  ուրի՛շ տեղ գացէք: Ձեր ներկայութիւնը արգելք կը հանդիսանայ զբօսաշրջիկներու գալստեան եւ զուարճութեան:

Արդարեւ, ո՞ր զբօսաշրջիկը պիտի կրնար հանգիստ քնանալ կամ զուարճանալ պանդոկի մը մէջ, տեղեակ ըլլալով հանդերձ, թէ քովընտի սենեակին կամ սրահին մէջ ժողովի հարց է` միլիոնաւոր մարդոց բնաջնջման ուժն ունեցող հիւլէական ռումբի մը պայթումին փորձը…

Ժընեւէն քաղաքավարութեամբ ճամբու դրուելէն ետք, հիւլէական փորձագէտներ այս անգամ ժողովի կ՛երթան բուն իսկ իրենց դժբախտութեան աղբիւրը` Մոսկուա…

Ամերիկացի լրագրող մը խորհրդային քաղաքացիի մը հարցուցած է այս առթիւ, թէ ի՞նչ արդիւնք կ՛ակնկալէ զինաթափութեան այս նոր ժողովէն: Ու Իվան Իվանով յայտարարեր է ամենայն հանդարտութեամբ.

– Կ՛ակնկալեմ խորհրդային ռումբի նոր պայթումներ եւ յետոյ զինաթափութեան նոր ժողովի մը գումարումը` Ժընեւի մէջ:

ԳԻՍԱՒՈՐ

Share this Article
CATEGORIES