Կրթական Նիւթեր. Համակարգիչին Նիշերը Զայրոյթ Կը Պատճառեն Դասախօսներուն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԵՆ ԳՈՐԾԱԾԵԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳՉԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ԿՐՆԱՆ ՎԱՅՐԿԵԱՆԻՆ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ԳՐԱՒՈՐ ԿԱՐՃ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ԱՂՄՈՒԿԸ:
Համակարգիչով նիշեր տալու երեւոյթին դէմ բողոքագիր մը հրապարակած է խումբ մը, որ ինքզինք կը կոչէ «Արհեստավարժներ` ընդդէմ ուսանողներուն գրութիւնները մեքենայով արժեւորելու ծրագիրին»: Համացանցի վրայ հրապարակուած բողոքագիրին տակ ստորագրած են շուրջ 2000 հոգի, որոնց շարքին` ամերիկացի լեզուագէտ, փիլիսոփայ, պատմագէտ եւ քաղաքական քննադատ Նոամ Չոմսքի:
Համակարգչային տուեալ ծրագիրը կը խոստանայ ուսանողներուն գրութիւնները կարդալ եւ արժեւորել տեղւոյն վրայ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ուսանողներ այլեւս պարտաւոր չեն շաբաթներով սպասել` ի վերջոյ լսելու համար իրենց դասախօսներուն ծանր ակնարկութիւնները:
Նոր ծրագիրը կատարելագործուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անիկա շուտով պիտի հասնի նաեւ Բրիտանիոյ համալսարանները:
Հարվըրտ համալսարանին եւ Մասաչուսեցի արհեստագիտութեան հիմնարկին կողմէ ոչ շահաբեր նպատակներով պատրաստուած ծրագիրը համացանցի վրայ ձրիօրէն պիտի տրամադրուի որեւէ կազմակերպութեան, որ կը փափաքի գործածել զայն:
ԷտԷՔՍ հաստատութեան անունով հրապարակուած ծրագիրը կ՛օգտագործէ արուեստական խելացութիւն` արժեւորելու համար ուսանողներուն գրութիւնները եւ գրաւոր կարճ պատասխանները` դասախօսները ձերբազատելով նիշ տալու տաղտուկէն:
Ցարդ ծրագիրին գործածութիւնը սահմանափակուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր մեծ աղմուկ բարձրացած է, թէ արդեօք ճի՞շդ է զայն գործածել ուսանողներուն գրութիւնները արժեւորելու համար, մասնաւորաբար` այնպիսի նիւթերու մէջ, որոնք կը պարունակեն տուեալներու վրայ հիմնուած կարծիքներ: Բազմաթիւ ակադեմականներ կը հաւատան, թէ նման ծրագիր մը չի կրնար փոխարինել արհեստավարժ դասախօսի մը իմաստուն դատողութիւնը:
Այսուհանդերձ, ԷտԷՔՍ-ի տնօրէն Անանթ Ակարուալի համաձայն, ծրագիրը կրնայ վերածուիլ դաստիարակչական պիտանի գործիքի մը, որ ուսանողներուն առիթ պիտի տայ վերատեսութեան ենթարկելու իրենց գրութիւնները եւ բարելաւելու իրենց պատասխաններուն մակարդակը:
«Մեծ արժէք ունի վայրկեանին արժեւորուիլը,- կ՛ըսէ ան:- Ուսանողներ մեզի կ՛ըսեն, թէ շատ աւելի լաւ կը սորվին, երբ անմիջապէս կարծիք մը կը լսեն իրենց աշխատանքին մասին»:
«Նկատեցինք, թէ այս գործիքին բնորոշ նիշ տալու որակը յար եւ նման է մէկ դասախօսէն միւսը որակի տարբերութեան», կ՛աւելցնէ ան:
Համացանցի վրայ հրապարակուած բողոքագիրը կ՛ըսէ. «Եկէ՛ք` դիմագրաւենք գրութիւնները մեքենական միջոցներով արժեւորելու իրականութիւնները. նման միջոցներ չեն կրնար չափել հաղորդակցութեան հիմնական տարրերը, ինչպէս` ճշգրտութիւն, տրամաբանութիւն, ապացոյցներու յարմարութիւն, զգաստ մտածողութիւն, բարոյագիտական կեցուածք, համոզիչ վիճարկութիւն, իմաստալից կառոյց, յստակութիւն, ճշմարտացիութիւն եւ այլն»:
Միւս կողմէ` ուսանողներ կը մտածեն, որ եթէ այս ծրագիրը տրամադրուի նաեւ անհատական գործածութեան համար, անիկա կրնայ օգնել իրենց, որպէսզի ստուգեն իրենց գրութեան մակարդակը` նախքան զայն դասախօսի մը յանձնելը եւ նիշ ստանալը:

