Կրթական Նիւթեր. Ֆրանսացիք Ինչպէ՞ս Կորսնցուցին Իրենց «Չեմ Գիտեր Ինչը»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՆՈՆՔ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՔԱՆԴԷ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: Ո՞Վ Կ՛ԵՐԵՒԱԿԱՅԷՐ, ԹԷ ՕՐ ՄԸ ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ ԿՐՆԱՐ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ՖՐԱՆՍԵՐԷՆԸ… ԱՅԴ ԱԼ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: ՍԱԿԱՅՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆ Է, ԹԷ ՄՈԼԻԵՐԻ ԵՐԿԻՐԸ ԱՅԺՄ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ԻՏԱԼԻՈՅ ՕՐԻՆԱԿԻՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԿԸ ԴԻՄԷ ԱՆԿԼՕ-ՍԱՔՍՈՆՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒԻՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆԸ.
Զարմանալի չէ, որ տիտանական պայքար մը ծայր տուած է Ֆրանսայի մէջ: Ժամանակին ֆրանսերէնը դիւանագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու լեզուն էր աշխարհի տարածքին: Սակայն այժմ Ֆրանսայի համալսարանները պարտաւորուած են որոշ նիւթեր դասաւանդել անգլերէնով:
Կարծեմ վերջին նախադասութեանս մէջ արտայայտեցի բան մը, որ ֆրանսացիք չեն սիրեր եւ կը նկատեն անգլերէնի ազդեցութիւն. այսինքն` կրաւորական բայի գործածութիւն:
Իրօք, ֆրանսական համալսարաններուն լեզուական ազատութիւն շնորհելը շատ խելացի գաղափար մըն է: Անիկա կը միտի ներգրաւել աւելի մեծ թիւով օտար ուսանողներ: Ներկայի պատկերին համաձայն, իրենց երկրէն դուրս ուսանողներուն 30 առ հարիւրը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու մէջ, 18 առ հարիւրը կ՛երթայ Բրիտանիա եւ 13 առ հարիւրը` Գերմանիա: Ֆրանսայի համեմատութիւնը 11 առ հարիւր է, որուն մեծ մասը կը կազմեն Ափրիկէի մէջ Ֆրանսայի նախկին գաղութավայրերէն ուսանողներ:
Հետեւաբար Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի եւ Չինաստանի նման տնտեսութիւններէ ուսանողներ ներգրաւելու մրցակցութեան մէջ Ֆրանսան տեղ չունի, որովհետեւ նշեալ երկիրներուն տարածքին առաւելաբար կը դասաւանդուի անգլերէնը: Բնական է, որ Ֆրանսա պիտի փափաքէր մրցիլ: Օտար ուսանողներ ոչ միայն աւելի բարձր կրթաթոշակ կը վճարեն, այլ նաեւ հակամէտ են քաղցր յուշեր փայփայելու արտասահմանի մէջ իրենց ուսանողութեան տարիներէն եւ խանդավառ զգացումներ տածելու այն երկրին նկատմամբ, ուր ժամանակին ապրած են մէկ կամ երկու տարի: Հետեւաբար ֆրանսական համալսարաններու մէջ որոշ դասանիւթեր անգլերէնով դասաւանդելը շահաբեր գործառնութիւն մը կը թուի ըլլալ:
Շահաբեր գործառնութի՞ւն: Սակայն ճիշդ այս է, որ անընդունելի է, կ՛ըսեն առաջարկին ընդդիմացողները: Անիկա չի բխիր կրթութեան հետ առնչուած որեւէ գաղափարէ կամ գիտութեան նուիրումէ, այլ պարզապէս ցաւալի յաւելեալ օրինակ մըն է առեւտրականացումի` այնպիսի մարզերու մէջ, որոնք ժամանակին զերծ էին շահի եւ կորուստի հաշիւներէն: Իրօք, ասիկա ապացոյց մըն է համաշխարհայնացումի, որ իր մշակութային բնոյթով անկլօ-սաքսոն է, ինչպէս կը վիճին առաջարկը քննադատող ֆրանսացիները: Անոնք համաշխարհայնացումը կը նկատեն գործընթաց մը, որ կը քանդէ իւրայատուկ մշակոյթները եւ վերջ կը դնէ անջատ պատկանելիութիւններու: Համաշխարհայնացումը, որուն այժմ ենթակայ են համալսարանները, տեսակ մը բարբարոսութիւն է, կ՛ըսէ ֆրանսացի քննադատ մը: Շուտով ֆրանսերէնը պիտի կորսնցնէ իր հարազատութիւնը եւ պիտի դառնայ խառնուրդ լեզու մը:
Ֆրանսերէնին համար կարելի է նախատեսել նման ճակատագիր մը հեռաւոր ապագային: Սակայն, մինչ այդ Ֆրանսան այսօր կը դիմագրաւէ յարակից հարց մը. երկրին համալսարաններուն ցած մակարդակը: Միջազգային տարբեր ցուցակներու մէջ ընդհանրապէս ամերիկեան եւ բրիտանական համալսարանները կը գրաւեն առաջնակարգ դիրքեր, իսկ Ֆրանսայի համալսարանները կը գտնուին ցանկերուն վերջաւորութեան:
«Թայմզ Հայըր Էճուքէյշըն» յաւելուածին վերջին հրատարակութիւնը կը պարունակէ աշխարհի առաջնակարգ 10 համալսարաններու ցանկը, ուր չորրորդ դիրք կը գրաւէ Օքսֆորտի համալսարանը, վեցերորդ դիրք` Քէյմպրիճը եւ ութերորդ դիրք` Իմփիրիըլ քոլեճ Լանտընը: Եւրոպական ցամաքամասէն միակ համալսարանը, որ կը հետեւի անոնց, Զուիցերիոյ Արհեստագիտութեան դաշնակցային հիմնարկն է, որ կը գրաւէ 15-րդ դիրք: Ցանկին առաջին 50 համալսարաններուն մաս կը կազմեն նաեւ Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընը, Էտինպարայի համալսարանը, Լանտըն սքուլ աֆ էքոնոմիքս եւ Մանչեսթըրի համալսարանը: Սակայն ոչ մէկ ֆրանսական համալսարան մաս կը կազմէ առաջին 50 անուններուն: Զարմանալին այն է, որ ֆրանսական առաջին հաստատութիւնը, որ կը նշուի, կը գրաւէ 59-րդ դիրքը:
Այսուհանդերձ, հարկ է նկատի ունենալ, որ Գերմանիոյ եւ Շուէտի համալսարանները աւելի բարձր դիրքեր կը գրաւեն, բաղդատած` Ֆրանսայի: Արդեօք անոնց աւելի բարձր դիրքը կապ ունի՞ այն իրողութեան հետ, թէ այս երկու երկիրներուն մէջ, ի տարբերութիւն Ֆրանսայի, անգլերէնի ուսուցման մակարդակը բարձր է եւ ուսանողներ ոչ մէկ դժուարութիւն ունին անգլերէն գրութիւններ հասկնալու: Այս մէկը կարեւոր է գիտական նիւթերու, առեւտրական գիտութիւններու եւ լրատուամիջոցներու մարզերու հետեւող ուսանողներուն համար: Այլ խօսքով` թէեւ Ֆրանսա երկիր մըն է, որ աւանդաբար յարգանք կը պարտադրէ իր իրագործումներով եւ վիճարկութեան աշխուժ ոճով, սակայն անիկա աստիճանաբար ինքզինք խզած է մտաւորական կեանքի ներկայ ուղիէն եւ պատուարներ բարձրացուցած է հոն, ուր պատուարներ պէտք չէ գոյութիւն ունենան:
Ի վերջոյ միայն 20 տարի անցած է այն ժամանակներէն, երբ Ֆրանսա վաւերացուց օրէնք մը, որ ֆրանսերէնի գործածութիւնը պարտադիր կը դարձնէր լսատեսողական բոլոր յայտագիրներու սփռումին մէջ: Բացառութիւն էին միայն երաժշտական գործերը եւ ժապաւէններու «բնօրինակները»: Նոյնպէս ալ ֆրանսերէնը պարտադիր է բոլոր ծանուցումներուն մէջ աշխատավայրերու մէջ ամէն տեսակի հաղորդակցութեան առիթով եւ առեւտրական պայմանագրութիւններու համար: Ասիկա կը նշանակէ պատուարներ բարձրացնել. պէտք է օտար լեզուի արտադրութիւնները ամէն գնով հեռու պահել Ֆրանսայէն, մասնաւորաբար` անգլիական արտադրութիւնները:
Պիտի ուզէինք ֆրանսացիներուն ըսել` «քիչ մը հանդարտեցէ՛ք»: Մտածեցէ՛ք, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ հաւանական հետեւանքը, եթէ Ֆրանսա ժամանեն անգլիախօս ուսանողներ, որոնք ֆրանսերէն չեն գիտեր: Անոնք պիտի չգոհանան հետեւելով իրենց տրամադրուած միայն անգլերէն դասանիւթերուն եւ իրենց ազատ ժամանակը պիտի անցընեն այլ օտար ուսանողներու հետ: Անոնք անպայման պիտի ներգրաւուին դէպի ֆրանսական կեանքը: Օտար լեզու մը արդէն սորված ըլլալով` անոնք պիտի փափաքին ինքնավստահ ֆրանսերէն խօսիլ` Ֆրանսայի մէջ իրենց կեցութեան շրջանին: Հետեւաբար, ոչ այնքան զարմանալի հակասութեամբ մը, ֆրանսական համալսարաններու մէջ որոշ դասանիւթեր անգլերէնով դասաւանդելը կրնայ նպաստել, որ ֆրանսական մշակոյթի գիտութիւնը տարածուի Ֆրանսայէն դուրս: Կամ` ինչպէս ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ նախկին կրթութեան նախարար Լիւք Ֆերի կ՛ըսէ. «Այս ուսանողները իրենց երկիրը պիտի վերադառնան` իրենց ուսապարկերուն մէջ Ֆրանսայէն բան մը դրած, նոյնիսկ երբ հետեւած են անգլերէն դասընթացքներու»:


