Կրթական Նիւթեր. Ինչո՞ւ Ֆրանսա Կը Շեշտէ, Թէ Աշակերտներ Պէտք Է Փիլիսոփայութեան Տիրապետեն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Փիլիսոփայութեան քննութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ Կ՛ԱՆՑԸՆԵՆ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՆ ԵՒ ԳԻՏԵՆՔ, ԹԷ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՏԱՆՋԱՆՔ ՄԸՆ Է ՇԱՏԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ: ՀԻՒԿ ՍՔՈՖԻԼՏ ԾՆՈՂ ՄԸՆ Է, ՈՐՈՒՆ ԶԱՒԱԿԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆԵՐԿԱՅԱՆԱԼ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻՆ: ԱՆ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՈՃՈՎ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼՈՎ` ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԴԵՐԸ` ԱՆՀԱՏԻՆ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԻՆ ՄԷՋ:

Խանդաղատանքով կը դիտեմ 17 տարեկան աղջիկս, որ միտքէն կը կրկնէ իր դասերը` փիլիսոփայութեան քննութենէն առաջ, որ բաւական սարսափելի է իրեն համար:

Առաջին մտածումս կ՛ըսէ. փա՛ռք Աստուծոյ, որ այս տանջանքը խնայուած էր ինծի:

Ըսել կ՛ուզեմ` կարելի՞ է երեւակայել, թէ յունիսի առաւօտ մը պէտք է նստիլ եւ չորս ժամ յատկացնել` զարգացնելու համար սպառիչ, կուռ վիճարկութիւն մը` հետեւեալ նիւթով. «Արդեօք ճշմարտութիւնը նախընտրելի՞ է խաղաղութենէն»:

Կամ` «Ուժ գոյութիւն ունի՞ առանց բրտութեան»:

Կամ հաւանաբար` «Կրնա՞յ մէկը իրաւունք ունենալ` հակառակ իրողութիւններուն»:

Թերեւս պիտի նախընտրէինք երկրորդ ընտրանքը. գրել ակնարկ մը` գրութեան մը մասին: Այս պարագային` Սփինոզայի 1690-ին գրուած «Թրաքթաթուս թէոլոճիքօ-փոլիթիքուս»-ին կամ` Սենեկայի «Այլասիրութեան»:

Այս օրինակները քաղած եմ աղջկանս վերաքաղի գիրքերէն: Սիրտս կ՛արիւնի իրեն համար, երբ կը կարդամ ցանկը այն նիւթերուն, որոնց պէտք է տիրապետէ ան:

Աղջիկս` Ռիւպի նախընտրած է անցընել գրական պաքալորէան:

Գոյութիւն ունին գիտութեան վրայ հիմնուած պաքալորէայի տարբերակները: Բոլորն ալ կը պարունակեն փիլիսոփայութեան դասանիւթ մը:

Սակայն գրական պաքալորէային մէջ փիլիսոփայութիւնը կը թագաւորէ:

Անիկա կ՛ենթադրէ շաբաթը 8 ժամ փիլիսոփայութեան դասապահերու հետեւիլ, իսկ քննութիւններուն մէջ փիլիսոփայութիւնը կը գրաւէ բարձրագոյն 7 կէտ: Այլ խօսքով` պաքալորէայի ընդհանուր նիշին մէջ փիլիսոփայութիւնը ամէնէն աւելի հաշուի կ՛առնուի:

Ասիկա նաեւ կը նշանակէ տիրապետել գաղափարներու կամ բնաբաններու:

Ահաւասիկ քանի մը նիւթեր` Ռիւպիի գիրքերէն. «Գիտակցութիւն», «Միւսը», «Արուեստ», «Գոյութիւն եւ ժամանակ», «Նիւթ եւ ոգի», «Ընկերութիւն», «Օրէնք», «Պարտականութիւն», «Ուրախութիւն»:

Իսկ փիլիսոփանե՞րը, որոնց  պէտք է ակնարկել. Պղատոն, Ուիլիըմ աֆ Օքամ, Քանթ, Հեկել, Շոփենհաուըր, Հայտեկըր, Սարթր:

Ինչո՞ւ Ֆրանսայի մէջ այսքա՛ն շեշտ կը դրուի փիլիսոփայութեան վրայ:

Այլ երկիրներու մէջ աւարտական դասարանի քննութիւններ կ՛ընդգրկեն գաղափարներու պատմութիւն, կրօն եւ այլն: Սակայն ֆրանսացիք շատ յստակօրէն կ՛ըսեն, թէ իրենց նպատակը այս չէ:

Փիլիսոփայական պաքալորէային նպատակը մարդկային մտածողութեան պատմութիւնը հասկնալը չէ, այլ` ոստում մը կատարել դէպի մարդկային մտածողութեան հոսքը:

Երբ աշակերտներ կը սորվին, թէ ի՛նչ ըսած է Քանթ կամ Սփինոզա, նպատակը անոնց վիճարկութիւնները հասկնալը չէ, այլ` զանոնք գործածելը:

Նափոլէոն պաքալորէայի քննութիւնները հաստատեց 1809-ին: Փիլիսոփայութիւնը առաջին պաքալորէայի քննութեան նիւթերէն մէկն էր (թէեւ այդ ժամանակներուն քննութիւնները բերանացի էին, լատիներէնով, եւ միայն 31 տղամարդիկ ներկայացած էին):

Փիլիսոփայութեան դասանիւթը ներառելու գաղափարը ինքնին փիլիսոփայական էր:

Նոր ստեղծուած հանրապետութեան մէջ (այո՛, գիտեմ, թէ Նափոլէոն ինքզինք կայսր հռչակած էր, սակայն գաղափարը տակաւին ի զօրու է) կարեւոր էր ստեղծել օրինակելի քաղաքացիներ:

Մեծ գրագէտ եւ փիլիսոփայ Մոնթեսքիօ ինք չէ՞ր, որ ըսած էր, թէ հանրապետութիւնը կ՛ապաւինէր առաքինութեան, իսկ առաքինութիւնը հիմնուած էր ազատ դատողութիւնը ի գործ դնելու մարդկային կարողութեան վրայ:

Հետեւաբար փիլիսոփայութիւն դասաւանդելու նպատակը անցեալին եւ ներկայիս տեսականօրէն կը միտի լրացնել երիտասարդ տղամարդոց եւ կիներու ուսումը եւ մտածելու առիթ տալ անոնց:

Փիլիսոփայութիւն դասաւանդելու նպատակն էր աշակերտը ծանօթացնել տիեզերական վիճարկութիւններու, ինչպէս` անհատին եւ ընկերութեան մասին, Աստուծոյ եւ բանականութեան, լաւին ու վատին եւ այլն, այս ձեւով խոյս տալու համար ներկայի կաշկանդող պարտադրանքներէն, այսինքն` պետութիւններու, լրատուամիջոցներու, նորաձեւութեան, քաղաքական փափկանկատութեան կողմէ ամէնօրեայ հերթականութեամբ մեզի պարտադրուած գաղափարներու բռնատիրութենէն:

Ի՜նչ հրաշալի գաղափար: Ահաւասիկ ա՛յս է քաղաքակրթութիւնը:

Իրապէ՞ս: Ըսել կ՛ուզեմ, որ թերեւս ասիկա մէկն է ֆրանսական այն վիճակներէն, երբ տեսութիւնը հոյակապ է, սակայն իրականութիւնը ձեւով մը չի վարուիր այնպէս, ինչպէս որ պէտք է վարուի, որովհետեւ գաղափարներու վրայ հիմնուած մարդկային ընկերութեան մը տեսլականին եւ գաղափարները նման բարձրութիւններու հասցնելու ներգործութիւնը այն է, թէ մարդիկ ի վերջոյ կը սկսին հաւատալ անոնց եւ թերեւս օր մը մտածեն, թէ կ՛արժէ կռուիլ գաղափարի համար կամ` մեռնիլ, նոյնիսկ` անձնասպան ըլլալ: Վերջը` ի՞նչ:

Աշակերտներ կը սորվին Սփինոզայի (ձախին) եւ Պղատոնի (աջին) նման փիլիսոփաներու գաղափարները:

Օրինակ, քանի մը օր առաջ մարդ մը` Տոմինիք Վեներ, անձնասպան եղաւ Նոթրը Տամ եկեղեցիին մէջ:

Վեներ քաղաքական աջ թեւի յօդուածագիր մը եւ փիլիսոփայ մըն էր:

Ան իր պլոկին մէջ հրապարակած էր վերջին խօսք մը, որ մէջբերում մըն էր Հայտեկըրէն եւ կ՛ըսէր, թէ անձի մը կեանքին վերջին երկվայրկեանը նոյնքան նշանակութիւն ունի, որքան` անոր ամբողջ կեանքը:

Կարելի է վիճիլ, թէ այստեղ մեր դիմաց ունինք իր սեփական գաղափարներով այնքա՛ն հրապուրուած անձ մը, որ որոշած էր վերջ դնել իր կեանքին: Ֆրանսացիներուն բնորոշ երեւոյթ մըն է ասիկա:

Ախտագին է այս երեւոյթը: Սակայն վերադառնալով տուն, պարզապէս երկիւղածութիւն մը կ՛ապրիմ` ի տես աղջկանս կերպարանափոխութեան` փիլիսոփայութեան դասերու հետեւելէ ետք:

Տարի մը առաջ ան կորսուած էր եւ խուճապի մատնուած` ի տես նիւթին խտութեան եւ վերացականութեան: Այսօր ան ոչ միայն հանգիստ կը զգայ փիլիսոփայութեան նիւթով, այլ նաեւ` խանդավառ:

Գաղափարներու ամբողջ աշխարհ մը բացուած է անոր դիմաց:

Հետեւաբար, արդեօք անհեթե՞թ է ցանկալ անկարելին: Կարելի՞ է երբեւիցէ վստահ ըլլալ, թէ ճիշդ ենք: Արդեօք արուեստը իրակա՞ն է:

Պէտք է հարցնեմ աղջկանս:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES