ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան Կրկին Տարեվերջ Է…

Յունիս 9-ի առաւօտեան ՀԲԸ Միութեան Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի հանդիսասրահը մեղուի փեթակ կը յիշեցնէր: Աջ ու ձախ ժպիտներ, անհամբերութիւն, սպասում, ներքին տագնապ ու լիցքաթափուելու պահանջ… Երիտասարդ ծնողներ, դեռ նոր մեծ մայր ու մեծ հայր «օծուած» բախտաւոր զոյգեր սիրով իրենց տեղերը կը գրաւէին ու շուրջիններուն հետ զրուցելով` հարցուփորձ կ’ընէին.

– Ձեր ձագո՞ւկն ալ շրջանաւարտներուն մէջ է:

– Հապա՞, երեւի ձերն ալ:

-Այո՛ այո՛…

Եւ այսպէս` ամբողջ սրահը, մինչեւ որ հասաւ այն պահը, երբ ժամացոյցի զոյգ սլաքները ժամը 11:00-ը ազդարարեցին եւ բարձրախօսէն լսուեցաւ Կարմիրեան դպրոցի մանկապարտիզպանուհի Սոնիա Տէյիրմենճեանին խօսքը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ աշակերտներու կրթութեան, հայաշունչ դաստիարակութեան, ինչպէս նաեւ` կանուխ հասակէն օտար լեզուներու ծանօթացնելու մանկապարտէզի գործադրած համակարգին:

Կարգը փոքրիկներունն էր: Ծաղիկ դասարանի երեք աղջնակներ բարի գալուստի սիրուն խօսքեր ուղղեցին սրահը լեցուցած հանդիսականներուն, եւ առաջին ծափերը առաւել ջերմութիւն հաղորդեցին բոլորին:

Բացուող վարագոյրը հրաշալի տեսարան մը բացայայտեց: Մանկապարտէզի բոլոր երեխաները գեղեցիկ ու գունագեղ ծաղկեփունջ կազմած` բեմի վրայ էին… Փոքրիկները իրենց երգի ուսուցչուհիին  ղեկավարութեամբ տասնեակի հասնող երգերու շարք մը երգեցին` զարմացնելով ծնողները: Մեղեդի, ձայն, կշռոյթ, երբեմն նաեւ` շարժում, իսկապէս գովելի արդիւնք, որ կարելի չէ չգնահատել: Երգը ազգային դաստիարակութեան անբաժանելի ու կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է եւ այդ գիտակցութեամբ ալ ՀԲԸ Միութեան վարժարաններու սաները ուսումնական տարուան ընթացքին երգերու լաւ ընտրանիի մը կը տիրապետեն:

Փոքրիկ երգիչներու «Խմենք հայրենիք» երգի խանդավառ կատարումէն ետք բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ.

«Միասնական ճիգերով մենք կրցանք յաղթահարել մեծ ու փոքր խոչընդոտները` գոհ ձգելով ոչ միայն պէյրութահայ մեր սաները, այլեւ` սուրիահայ մեր հայրենակիցները, որոնց համար անցնող տարին լեցուն էր տագնապով, դժուարութիւններով եւ նոր կեանքի ու միջավայրի պարտադրանքներով: Ժամանակը ամենաբուժ է` կ՛ըսեն եւ չեն սխալիր: Տարուան սկիզբի անլուծելի թուացող հարցերը այսօր մեծ մասամբ լուծուած են, եւ ես ուրախութեամբ կրնամ յայտարարել, որ մեր հոգատար վերաբերմունքին եւ ուսուցչակազմի յատուկ ուշադրութեան շնորհիւ` սուրիահայ աշակերտները ի վերջոյ կրցան քայլ պահել իրենց դասընկերներուն հետ:

«Կարմիրեան վարժարանի տնօրէնութեան համար կարեւորագոյն խնդիր է երեխային հայեցի՛ դաստիարակութիւնը, եւ այդ ուղղութեամբ մենք անվարան կրնանք ըսել, թէ տարուած աշխատանքը արդիւնաւորուած է:

«Կարմիրեանցի աշակերտը ուսումնական տարուան ընթացքին իր դասերուն կողքին կը ծանօթանայ նաեւ իր ազգային արժէքներուն, հայոց պատմութեան, աւանդութիւններուն, մեր պանծալի յաղթանակներուն եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` թերացումներուն: Սերունդը առողջ պէտք է դաստիարակել, եւ մենք ոչ մէկ միջոց կը խնայենք մեր նպատակի իրագործման ճամբուն վրայ:

«Նշեմ, որ մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանան մանկապարտէզի մեր սաները: Մենք կը գիտակցինք, որ մարդակերտումի ճամբուն վրայ այս հանգրուանը ամէնէն կարեւորն է», նշեց ան:

Ապա բեմը ծաղիկ դասարանցիներով լեցուեցաւ կրկին: Անոնք ներկայացուցին «Շուկայ» թատերական պատկերը, այնուհետեւ պարեցին, երգեցին եւ այդ ամէնը` այնքան անմիջական, այնքան անբռնազբօս եւ ուրախ, որ սրահը չէր կրնար չվարակուիլ այդ բարձր տրամադրութեամբ:

Քիչ ետք կարգը աւելի փոքրերուն տրուեցաւ: Երգով, պարով եւ արտասանութեամբ իրենց աւագ ընկերներէն ետ չմնացին նաեւ Բողբոջ ու Կոկոն դասարաններու փոքրիկները: Բեմին վրայ ցուցադրուած մանկական հանդէսի ետին կարելի չէր չտեսնել ու չգնահատել ուսուցիչներուն տարած հսկայական աշխատանքը: Աշխատանք, որ միայն սիրով կատարելու պարագային կրնայ արդիւնաւորուիլ:

Հանդէսի աւարտին չհասած` սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Գէօհիւլեանը: Ան անդրադարձաւ մարդկային ընկերութեան մէջ մանուկի դաստիարակութեան կարեւորութեան, իսկ հայ մանուկի պարագային` նաեւ ազգային ոգիի անհրաժեշտ ներարկման խնդիրներուն:

Քսանմէկ Ծաղիկ դասարանցի բեմի վրայ իրենց կեանքի առաջին վկայականները ստացան: Վկայականները երեխաներուն փոխանցեցին ՀԲԸՄ Կրթական յանձնախումբի ատենապետ Սիլվա Լիպարիտեան, ՀԲԸՄ վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Արա Վասիլեան եւ Կարմիրեան վարժարանի տնօրէն Մարալ Պալեօզեանը:

Թող միշտ կանաչ ու ծաղկաւէտ ըլլայ մեր փոքրիկներուն կեանքի ճամբան:

ՀԲԸՄ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Share this Article
CATEGORIES